Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Միացեալ Մարմնի հաղորդագրութիւն
Սիրելի հայրենակիցներ,
2020 թուի Օգոստոս 4-ին, Լիբանանի տնտեսական սուր տագնապի եւ պսակաձեւ ժահրի կրկնակի ճգնաժամին վրայ եկաւ աւելնալու Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը, որու դժոխային հետեւանքներէն անմասն չմնացին մայրաքաղաքի հայաբնակ շրջանները:
Այդ ողբերգական օրէն ի վեր, գիտակցելով որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումը պէտք է կատարուի համազգայի’ն ճիգով՝ մեր հայրենիքին, Սփիւռքի գաղութներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի բոլո’ր զաւակներու գործօն մասնակցութեամբ, Գանատայի տարածքին գործող մեր եկեղեցական, միութենական ու կազմակերպական ճիգերը միաւորելով՝ նախաձեռնած ենք հանգանակային արշաւ մը, բարոյապէս ու նիւթապէս զօրակցելու լիբանանահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Մեզի համար, Պէյրութի պայթումին զոհ գացած հայ նահատակներու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն հասնիլը առաջնահերթութի’ւն է, քանդուած կամ վնասուած տուներուն վերանորոգումը անյետաձգելի’ է, մեր կրթական կառոյցներուն աջակցութիւնը հրամայակա’ն է ու մեր համայնքային, կրօնական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներու վերականգնումը՝ կենսակա’ն:
Օգոստոսի 9-ին, Արամ Ա վեհափառի թելադրանքով՝ Լիբանանի մէջ կեանքի կոչուած է Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը, բաղկացած երեք յարանուանութեանց, երեք աւանդական կուսակցութիւններու եւ երեք բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէն: Նոյն ոգիով, Գանատայի մէջ եւս աշխատանքը պիտի ծաւալուի միասնակա’ն ճիգերով: Հանգանակուած գումարը պիտի փոխանցուի Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմնի Ժընեւի դրամատնային հաշիւին:
Տուրքէ զերծ ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք փոխանցել սեղմելով հոս
https://camam.akaraisin.com/ui/relief4beirut
կամ հեռաձայնելով 1-855-RLF4BEY ( 1 855 753 4239) թիւին:
Այսու կոչ կ’ուղղենք համայն գանատահայութեան, միասնական ոգիով՝ մասնակցելու այս նուիրահաւաքին, հասնելու՛ մեր ժողովուրդի կարիքներուն, յաղթահարելու՛ դժուարութիւնները, ամո՛ւր պահելու մեր կառոյցները եւ վերականգնելու’ լիբանանահայութեան բաբախուն օճախը։
Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Միացեալ Մարմին