«Հորիզոն»ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Ընկ. Մհեր Գարագաշեանին Հետ

«Հորիզոն»ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Ընկ. Մհեր Գարագաշեանին Հետ

Երեքշաբթի, 28 Յունիս 2022-ին, «Հորիզոն»ի թղթակից Թալիա Ճապրայեան հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկ. Մհեր Գարագաշեանին հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցան Հայ-գանատական յարաբերութիւնները եւ Սթեֆան Տիոնի վերջին յայտարարութեան լոյսին տակ մեր ակնկալիքները, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համար մղուող Դիմադրութիւն շարժման գործունէութիւնը, յետագայ ծրագիրները եւ Գանատայի Կառոյցի մասնակցութիւնը այդ շարժշման արդիւնաբերութեան, ինչպէս նաեւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներն ու ՀՅԴ գանատայի կառոյցի գործունէութիւնն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներ:

Անդրադառնալով Հայ-գանատական յարաբերութիւններուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Գանատայի յատուկ դեսպանորդ Սթեֆան Տիոնի վերջին յայտարարութեանց, Ընկ. Գարագաշեան նշեց, որ «Լիայոյս ենք, որ յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի մէջ Գանատական դեսպանատան մը հաստատումը կը դառնայ իրականութիւն: Այս մէկը մեծ նուաճում մը պիտի ըլլայ գանատահայութեան համար, որ այսքան տարիներ այդ պահանջը ներկայացուցած է զանազան կառավարութեանց՝ սակայն դրական դիրքորոշման չէ հանդիպած անոնց կողմէ: Գաղութիս եւ մանաւա՛նդ՝ Գանատայի Հայ Դատի իրերայաջորդ յանձնախումբերու անխոնջ ճիգերուն շնորհիւ, սպասումով ենք, որ այդ ճիգերը արգասաւորուին յառաջիկայ ժամերուն»:

Խօսելով  Դիմադրութիւն շարժման մասին, Ընկ. Գարագաշեան նշեց, որ այս շարժումը համահայկական բնոյթ ունի, որովհետեւ հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան հարցը՝ հայու գոյութենական պայքարն ու լինելութեան խնդիրն է վտանգուած եւ Գանատայի կառոյցի ոգի ի բռին աջակից է այս շարժման ամէն իմաստով:

Մանրամասնութիւնները տեսանիւթին մէջ:

https://fb.watch/dYecwjvkgb/

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.