Լաւրով. «Մոսկուան ՀԱՊԿ-ի Վերաբերեալ Երեւանի Վերջնական Որոշումին Կը Սպասէ»

Մոսկուան կը սպասէ, որ Երեւանը վերջնականապէս յայտարարէ ՀԱՊԿ-ին իր մասնակցութեան վերաբերեալ վերջնական որոշումը: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Կը սպասենք, որ բոլորիս պաշտօնապէս հաստատեն, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վերջնական որոշումը, կ՛ըսեն` այստեղ տէ ֆաքթօ պիտի սառեցնենք ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը, սակայն եթէ ուզենք` տէ ժիւրէ պիտի սառեցնենք, տէ ժիւրէ դուրս պիտի գանք, ԵԱՏՄ-ն մեզ առայժմ կը հետաքրքրէ, որովհետեւ մենք այնտեղէն կը ստանանք», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ատիկա «ոչ այնքան գեղեցիկ պատկեր» կոչած է:

«Մենք իսկապէս պիտի ցանկայինք, որ մեր հայ գործընկերները իրենք որոշէին, թէ ինչպէ՛ս կ՛ուզեն շարունակել ապրիլ եւ գործադրել փոխադարձ հիմերով այն համաձայնագիրները, որոնք մեզ կը միաւորեն համարկման տարբեր կառոյցներու մէջ», ըսաւ ան:

«Հայաստանի մէջ, չես գիտեր ինչու, կը կարծեն, որ պէտք է կեանքը կառուցել ոչ թէ մերձաւոր դրացիներու եւ պատմականօրէն համերաշխ ժողովուրդներու հետ, այլ անոնց հետ, որոնք դէմ են իրենց բարեկամներուն», ըսաւ Լաւրով:

Անոր համաձայն, Երեւան որոշած է գրաւ դնել արտաշրջանային երկիրներու վրայ, որոնք զինք կը սիրաշահին, որպէսզի Հայաստանը խզէ Ռուսիոյ հետ կապերը:

«Մենք կը ցաւինք, որ հայկական ղեկավարութիւնը փաստացի գիտակցուած որոշում տուած է եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները հետեւողականօրէն վատթարացնելու ուղի ընտրած է` Ռուսիան մեղադրելով այն ամէնի մէջ, ինչ որ տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Ի հարկէ ատիկա դաշնակցային չէ», յայտարարեց Լաւրով:

Ան յիշեցուց, որ ինքնին Ռուսիան կանգնեցուցած է Արցախի մէջ պատերազմը, որ կրնար աւելի կանուխ կանգ առնել:

«Բացի այդ, կան յերիւրանքներ, որոնք ես մէջբերած եմ հայ պաշտօնատարներու խօսքերէն, թէ ինքնին Ռուսիան Ազրպէյճանը դրդած է պատերազմ սկսիլ 2020 թուականի սեպտեմբերին:

«Ասոնք անշնորհակալ գնահատականներ, որովհետեւ ինքնին Ռուսիան կանգնեցուցած էր այդ պատերազմը եւ կրնար կանգնեցնել զայն շատ աւելի առաջ, երբ ազրպէյճանցիները տակաւին չէին գրաւած Շուշին, սակայն այն ժամանակ Նիկոլ Վովայի Փաշինեանը Վլատիմիր Փութինի կոչին ի պատասխան ըսաւ` ո՛չ, մենք մինչեւ վերջ պիտի կռուինք», յիշեցուցած է Լաւրով:

Պորտիւժա. «Հայաստանի ՀԱՊԿԻ Մէջ Մասնակցութեան Տէ Ժիւրէ Սառեցումը Պիտի Սահմանափակէ
Հայաստանի Անվտանգութեան Ապահովումը»

Երբ Հայաստան կը քննարկէ ՀԱՊԿ-ին մասնակցութեան իրաւական կասեցման հարցը, երկիրը կրնայ բախիլ կազմակերպութեան մէջ ձայնի իրաւունքի կորուստի եւ կանգնիլ ՀԱՊԿ-էն լիարժէք պաշտպանութիւնը կորսնցնելու վտանգի առջեւ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ՀԱՊԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան:

«Եթէ Հայաստանը, այնուամենայնիւ, դադրեցնէ կազմակերպութեան իր անդամակցութիւնը, ան այլեւս պիտի չմասնակցի որոշումներու կայացման հոլովոյթին եւ ՀԱՊԿ-ի միջոցառումներուն, որոնք կը կատարուին ընդհանուր անվտանգութեան ամրապնդման նպատակով:

«Ասիկա կը նշանակէ, որ անիկա առայժմ սառեցուած դրութեան մէջ պիտի ըլլայ, ներառեալ անվտանգութեան համակարգին առնչուած», նշած է Պորտիւժա:

Ան աւելցուցած է, որ եթէ նման բեմագրութիւնը իրագործուի, ապա հաւանականութիւնը, որ կազմակերպութիւնը Հայաստանի վրայ որեւէ կերպ անվտանգութեան համակարգերը պիտի տարածէ, մեծապէս պիտի կրճատուի: Ան նաեւ կասկած յայտնած է, որ Հայաստանը պիտի կարենայ ինքզինք ապահովել այլընտրանքային անվտանգութեան համակարգով:

ՀԱՊԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղարը նաեւ յիշեցուցած է, որ ՀԱՊԿ-ի մէջ մասնակցութեան պաշտօնական կասեցման մեքանիզմը գոյութիւն ունի եւ նախապէս արդէն կիրարկուած է:

Comments are closed.