Լաւալի քաղաքապետ Տեմերս, դաշնակցային երեսփոխաններ եւ այլ պաշտօնական հիւրեր այցելեցին Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ փառատօնը
Շաբաթ, 22 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-էն սկսեալ, Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ տօնավաճառ-քերմէս այցելեցին դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական մակարդակի զանազան պաշտօնատարներ: Պաշտօնական այս հիւրերու շարքին էին Լաւալի քաղաքապետ Մարք Տեմերս, դաշնակցային երեսփոխաններ Ֆայսալ Էլ-Խուրի (Laval-les-Iles), Եւա Նասիֆ (Vimy) եւ Իվ Ռոպիյար (Marc-Aurèle-Fortin), նահանգային երեսփոխան Կի Ուելէթ (Chomedey), նահանգային երեսփոխան Մոնիք Սովէի ներկայացուցիչ Ռարէս Պուրլաքու (Fabre), Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Արամ Էլակէօզ (Renaud), Ալին Տիպ (St-Martin), Ժոսլին Ֆրէտէրիք Կոթիէ (Auteuil), Սանտրա Էլ-Հըլու (Souvenir-Labelle), Նիգոլաս Պորն (Laval-les Iles), Վիրժինի Տիւֆուր (Sainte-Rose) եւ Ուրուկուէյի ընդհանուր հիւպատոս հայազգի Փետրօ Էտուարտօ Քէօրօղլեան:
Հիւրերը դիմաւորեցին Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ Հերմինէ Մանուկեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Շամլեան եւ անդամ Մհեր Գարագաշեան, Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յովիկ Թիւֆէնքճեան եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի անդամներ Ներսեհ Լիպարեան, Մովսէս Կէտիկեան եւ Զաւէն Տէր Սահակեան:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Յովիկ Թիւֆէնքճեան, որ ողջունեց ներկաները եւ բարձր գնահատեց ներկայ պաշտօնատարներուն քաջալերանքը հայկական նախաձեռնութիւններուն, որմէ ետք քաղաքապետ Տեմերս խօսք առնելով շեշտեց լաւալահայութեան ներդրումը Լաւալի բարգաւաճումին եւ յառաջդիմութեան գործընթացին մէջ:
Ընթացքին հիւրերը այցելեցին տաղաւարները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Յովիկ Կէտիկիան