Լաւալի շրջանը օժտուեցաւ ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղով

«Հորիզոն», 21 Յունիս 1993
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ: Ստորեւ կը հրապարակենք Լաւալի շրջանին մէջ ՀՕՄ-ի նոր մասնաճիւղի հիմնարկումը.
Լաւալի շրջանը օժտուեցաւ ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղով
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, 14 Յունիս 1993, երեկոյեան, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լաւալի Հայ կերոնին մէջ, մասնակցութեամբ շրջանի ընկերուհիներուն: Այս հանդիպման ընթացքին, հիմը դրուեցաւ Լաւալի Հայ Օգնութեան Միութեան «Շուշի» մասնաճիւղին՝ յայտարարութեամբ Շրջ. վարչութեան ատենապետ ընկհ. Աննա Պուլկարեանի: Իր օրհնութեան խօսքը տուաւ նաեւ Ս. Յակոբ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւը՝ Տ. Արմէն Քհն. Իշխանեան: Այս առթիւ շնորհաւորական եւ քաջալերանքի խօսք արտասանեց նաեւ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ ընկհ. Ծովակ Խաչերեան: Յաւուր պատշաճի խօսքերէն ետք, ընտրուեցաւ շրջանի անդրանիկ վարչութիւնը կազմուած 7 վարչականներէ՝ Սիրարփի Մանտալեան, Շուշան Աճէմեան, Աղաւնի տէր Ադամեան, Անահիտ Մինասեան, Անժէլ Պետրոսեան, Հերմինէ Մանուկեան եւ Սեդա Թօփուզեան:

Comments are closed.