Լաւալի մէջ Արժանավայել կերպով նշուեցաւ Սուրբ Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 30-ամեակը

Օրհնութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, հովանաւորութեամբ տիկին Հերմինէ Վարդանեանի, կազմակերպութեամբ Սուրբ Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Շաբաթ, 13 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լաւալի Château Royal-ի շքեղ ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լաւալի Սուրբ Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 30-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Սրբազան Հօր, Քեպէգի խորհրդարանի անդամ Սոնա Լախոյեան Օլիվիէի եւ իր քաղաքական կցորդ Հիլտա Թուրսուքուի, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ Սեդա Թօփուզեանի, Մոնթրէալի Սէն Լորանի քաղաքապետութեան անդամ Վանա Նազարեանի, Գանատայի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ բժշ. Ժիրայր Պասմաճեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի, Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի, Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, Գանատայի Ազգային վարչութեան, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հովիւին եւ Հոգաբարձութեան, հոգեւոր հայրերուն, քոյր միութիւններու շրջանային եւ տեղական վարչութեանց եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, եկեղեցւոյս բարերարներու եւ հաւատաւոր անդամներու:

Հանդիսութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Մեսրոպ Պերեճիքեան բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ եկեղեցւոյն հիմնադրութեան, 30 տարուան ընթացքին հոգեւոր հովիւներուն, Հոգաբարձութեանց, «Շողակաթ» Դպրաց դասին, անոր յարկին տակ գործող յանձնախումբերուն, Կիրակնօրեայ վարժարանին եւ զանազան խմբակներուն գործունէութեանց եւ ըսաւ. «Ահաւասիկ եկեղեցւոյս յարկին ներքոյ աշխատանքային զանազան դաշտեր: Հետեւաբար կոչ կ’ուղղեմ բոլոր անոնց, որոնք նշեալ ասպարէզներուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ունին, մաս կազմելու համապատասխան յանձնախումբին՝ սատարելու մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան»: Ան յայտնեց նաեւ, թէ բեմին վրայ զետեղուած Սուրբ Գէորգ Զօրավարի գծանկարը պատրաստած են եկեղեցւոյ գծանկարչական դասընթացքի սաները՝ առաջնորդութեամբ իրենց պատասխանատուին՝ տիկին Մելանի Գույումճեանին:

Անկէ ետք Սուրբ Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յակոբ Քհն. Գեատայեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը ըսելով. «30 տարիներէ ի վեր, Լաւալի Ս. Գէորգ Հայաստանեայց Եկեղեցին աղօթքի վայրը դարձած է իր համայնքին, ժողովուրդին եւ բոլոր հաւատացեալներուն համար։ Այս եկեղեցւոյ մէջ աղօթքով պսակուած եւ հայկական բոյն կազմած են մեր երիտասարդները, աղօթքով մկրտուած են նորածին մանուկները, յուղարկաւորուած են մեր տարեց հայորդիները։ Հաւաքական աղօթքներով Ս. Պատարագի հացը դարձած է Տիրոջ կենսատու մարմինը, իսկ գինին՝ Նոր Ուխտի արիւնը, որով կը միանանք Քրիստոսին։ Աղօթքով համայնքի հաւատացեալներուն տուները լեցուած են Քրիստոսի ծննդեան եւ Ս. Յարութեան աւետիսներով։ Աղօթքով կազմակերպուած են համայնքի ժողովական կեանքը, մեր ծուխի ընկերային կեանքը կենսաւորող հայակերտ ձեռնարկները», ապա անդրադառնալով եկեղեցւոյ առաքելութեան ու գոյատեւման ի խնդիր անոր շուրջը հաւաքուած ու իրենց ներդրումը ունեցած մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ ըսաւ. «Այս ամէնը իրականացնելու համար 30 տարիներէ ի վեր ազգանուէր եւ հայու ինքնութիւնը սիրող եւ այդ ինքնութեամբ ապրող անձիք զոհողութիւն կատարած են՝ իրենց անձնական ժամանակէն, ընտանեկան կեանքէն, նախասիրութիւններէն եւ կառուցած են մեր Սուրբ Եկեղեցին։ Անոնք համոզուած էին, որ տալով եւ տրուելով է, որ կը նմանինք Քրիստոսին եւ իր սուրբերուն: Տալով եւ զոհողութեամբ է, որ կեանքը իմաստ կ’ունենայ, նամանաւանդ հայու կեանքը։ Տալն ու ծառայելն է գերագոյն սիրոյ նշանը։ Կրնաս տալ առանց սիրելու, բայց չես կրնար սիրել առանց տալու։ Այս զոհողութեան օրինակը Քրիստոս ինքը տուաւ խաչին վրայ իր կեանքը տալով, որովհետեւ մեզ շատ կը սիրէր»: Ան իր խօսքը փակեց ըսելով. «30-ը դեռ սկիզբն է մեր երիտասարդ ծուխին, որուն տակաւին երկար տարիներու կանաչ ճանապարհ կը սպասէ։ Մենք բոլորս համախմբուած, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Ս. Գէորգ Զօրավարի բարեխօսութեամբ պիտի հարթենք այդ ճանապարհը եւ այդ մեծ օրհնութիւնը փոխանցենք գալիք սերունդներուն, որ Տիրոջ տունը հայու համար յաւիտեան աղօթքի տուն մնայ»:

Սրբազան Հայրը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն, ապա օրուան բեմավար Մեսրոպ Պերեճիքեան ներկայացուց գեղարուեստական յայտագրին մասնակցող արուեստագէտներուն հակիրճ կենսագրականները, նախքան զանոնք հրաւիրելը:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ «Շողակաթ» Դպրաց դասէն դպրուհի Նուշիկ Սէֆէրեանի «Ամէն Հայր Սուրբ» շարականի մեկնաբանութեամբ, նուագակցութեամբ Բրշ. Յարութիւն Սրկ. Կիւլեանի, որուն յաջորդեց Բարեշնորհ սարկաւագներուն՝ Վարուժան Մարկարեանի, Յարութիւն Կիւլեանի եւ Հրայր եւ Յարօ Դանիէլեաններու կազմած քառեակին աքապելլա ելոյթը՝ «Գովք Եդեսիոյ» եւ «Հայաստանի կարմիր գինի» երգերով:

Եկեղեցւոյն Հոգաբարձութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Զաւէն Տէր Սահակեան, որ նախ շնորհակալական խօսք փոխանցեց երեկոն կազմակերպող յանձնախումբին, եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ գործող յանձնախումբերուն եւ զանազան բաժանմունքներուն անդամներուն եւ հոգեւոր հովիւին, ապա 30 տարի առաջ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան ժամանակաշրջանին եւ անոր անուանակոչումին մասին ըսաւ. «Պահ մը կ’ուզեմ ակնարկ մը նետել լաւալահայ գաղութին կազմաւորման, յատկապէս Հայ Կեդրոնին ու եկեղեցւոյ անուանակոչութեան: Թուականը 1993-ն էր, երբ միութիւններու Լաւալի մասնաճիւղերը կազմաւորման մէջ էին. գիտէք, թէ միութիւններու իւրաքանչիւր մասնաճիւղ յատկանշական անուն կը կրէ, Լաւալի պարագային կապ մը կը նշմարենք անոնց անուններուն միջեւ: ՀՅԴ կոմիտէութիւնը անուանակոչուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի՝ այդ հազաուագիւտ ու հեռատես յեղափոխական դէմքին, Հայ Դատին եւ եկեղեցւոյ նուիրեալին անուամբ: Վրայ եկաւ մեր հարազատ ՀՕՄ-ը, որ անուանակոչուեցաւ յաղթական Շուշիի անունով: ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը՝ Բեկոր Աշոտին եւ Պատանեկան Միութիւնը՝ Գետաշէնով եւ Վիգէն Զաքարեանի անուամբ: Այս բոլորին կապը Արցախն էր, կապը անձնազոհութիւնն էր: Հետեւաբար յարմարագոյնը պիտի ըլլար անուանակոչել նորահիմն եկեղեցին Ս. Գէորգ Զօրավարի անունով, որ իր զինուորական կարգով պաշտպանը եղաւ քրիստոնէութեան եւ հակառակ իր դիմագրաւած չարչարանքներուն՝ հաւատարիմ մնաց իր հաւատքին: Այս է լաւալահայ գաղութին աւանդուած ժառանգը»: Ան նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներէն հիմնականին՝ ըսելով. «Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հիմնական եւ չլուծուած հարցը կը մնայ պատշաճ, արժանավայել ու գաղութիս համապատասխան նորաշէն եկեղեցի ունենալը: Այս մէկը տարիներ շարունակ քննարկումի առարկայ եղած է: Այո՛, Ս. Գէորգ եկեղեցին պէտք է ունենայ իր սեփական շէնքը, սակայն այդ մէկը կ’իրականանայ ճշգրիտ ու իրաւացի ծրագիրով, կուռ գործելակերպով ու հաւաքական աշխատանքով: Լաւ է ու տեղին է ունենալ ծրագրային տեսլական, բայց յոյժ կարեւոր է աշխատիլ՝ իրականացնելու համար այդ տեսիլքը: “Խօսքը առանց գործի մեռեալ է”», ապա ան խօսքը փակեց ըսելով. «Սիրելիներ, կառչած մնանք մեր հաւատքին եւ ըլլանք ջահակիրները մեր այս թանկագին կառոյցին: Յոյսը դնենք մե՛ր իսկ ուժերուն վրայ, որպէսզի մեր ունեցած տեսլականը իրականանայ: Սիրով ու յարգանքով, միասնաբար համագործակցինք այդ մեծ նպատակին ի խնդիր, որպէսզի մկրտուինք այնպիսի եկեղեցիով, որուն շատոնց արժանի է այս գաղութը»:

Գեղարուեստական երկրորդ բաժինը սկիզբ առաւ Արժ. Տէր Գառնիկ Աւ. Քհն. Գոյունեանի վերջերս հրատարակուած «Արցախեան Սաղմոսներ» գիրքէն «Սաղմոս 48, 47»ի ասմունքով, կատարողութեամբ Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեանի, որմէ ետք «Շողակաթ» Դպրաց դասի դպրուհի Արմինէ Գասապեան մեկնաբանեց «Կոմիտասէն «Գարուն», ապա «Երեւան» երգերը, նուագակցութեամբ գաղութիս հանրածանօթ դաշնակահարուհի Հուրի Մանուկեանի:

Տեղի ունեցաւ պարգեւատրում եւ շքանշաններու տուչութիւն, որոնց ընթացքին օրուան բեմավարը ներկայացուց պարգեւատրեալներուն հակիրճ կենսագրականները: Ձեռամբ Սրբազան Հօր, եկեղեցւոյն հոգեւոր հովիւին եւ Հոգաբարձութեան ատենապետին Առաջնորդարանի «Գիր Օրհնութեան» ստացան տեարք Սահակ Օտապաշեան (առողջական պատճառով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ), Տիգրան Վահրատեան, Մհեր Գալուստեան, Պետրոս Ալահայտոյեան, Արամ Տեմիրճեան եւ Ներսէս Հատիտեան: Առաջնորդարանի «Յովնան Մանդակունի» շքանշանին արժանացան տիար Զաւէն Չուքաքէլեան, Բրշ. Աւետիս Սրկ. Պոյաճեան, տիար Աւետիս Թաշճեան եւ տիկ. Լենա Աբրահամեան: Առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» շքանշանին արժանացաւ կրթական մշակ տիկ. Սեդա Թօփուզեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանին արժանացան տիկ. Հերմինէ Վարդանեան, տիկ. Ծովիկ Թերզեան եւ բժշ. Գէորգ Մանուկեան: Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ որպէս հոգեւոր հովիւ 18 տարի ծառայած վախճանեալ Արժ. Տ. Հրայր Աւ. Քհն. Նիկոլեանի յիշատակին, եկեղեցւոյն հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը յուշանուէր յանձնեցին անոր որդւոյն՝ տիար Նարեկ Նիկոլեանին:

Բեմավարը ընթերցելէ ետք նուիրատուներուն ցանկը, հրաւիրեց Սրբազան Հայրն ու օրուան նախագահուհին՝ հատելու 30-ամեակի կարկանդակը, որմէ ետք ան նշեց. «Այս տարի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ 30-ամեակը կը զուգադիպի Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին», ապա շնորհաւորելէ ու բարեմաղթութիւններ յայտնելէ ետք, հրաւիրեց Սրբազան Հայրը, որ իր սրտի խօսքով փակէ հանդիսութիւնը:

Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ Գանատայի տարածքին Թեմիս եկեղեցիներուն հիմնադրութեանց ամեակներու նշումներուն, որոնք կը զուգադիպէին այս տարուան, յայտնելով թէ անոնք խորհրդանշաններն են մեր գաղութներուն եռուն կեանքին ու բեղուն գործունէութեանց, ինչպէս նաեւ մեր գաղութներուն նուիրեալ զաւակներուն մեծ զոհողութիւններուն եւ նուիրաբերումին: «Մենք դժուար օրեր կը դիմագրաւենք, բայց այս դժուարին պահերը մեզ չեն յուսահատեցներ, այլ կը համախմբեն մեր շարքերն ու կը զօրացնեն մեր հաւատքը, որպէսզի շարունակենք մեր պայքարը՝ յանուն մեր իրաւունքներուն տիրացման, յանուն մեր արդար դատին, յանուն վաղուան մեր սերունդներուն երաշխաւորման», ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«Հորիզոն»

Comments are closed.