Լաւագոյնը պիտի ըլլայ, որ ՀՀ իշխանութիւնները չփորձեն «նպաստել» Սփիւռքի վերակազմակերպմանը. Փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Սփիւռքը պիտի համարձակուի օրակարգի դնել «տարբերում»-ը որպէս համահայկական բազմամշակութային իրականութեան յատկանիշ

«ԱԼԻՔ»-ը հարցազրոյց ունեցած է միջազգային յարաբերութիւններու փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի հետ՝ քննարկելով, սփիւռքեան գործառոյթի վերաիմաստաւորումը, ՀՀ-Սփիւռք յարաբերութիւնները, թուային ժամանակաշրջանի ընձեռած գործիքակազմերու իրացման հնարաւորութիւնները՝ Սփիւռքի արդիականացման ուղղութեամբ:

– Փրոֆեսոր Տէր-Ղուկասեան, Սփիւռքը շարունակում է անորոշութեան մէջ լինել, ի՞նչ անել, ինչպէ՞ս իմաստաւորել սփիւռքեան գործառոյթը:

– Սփիւռքը անորոշութեան մէջ յայտնուած է 44-օրեայ պատերազմէն շատ առաջ, բայց թերեւս քիչերը կ’անդրադառնային անոր: Երբ Ղարաբաղեան շարժումը սկսաւ 1988-ին, եւ երկրաշարժը առաջին անգամ ըլլալով բացաւ այն ատեն Խորհրդային Հայաստանի դռները, սփիւռքեան կազմակերպութիւններու, քաղաքական կուսակցութիւններ թէ հասարակական կազմակերպութիւնները, անկեղծ խանդավառութեամբ հաւատացին, որ ժամանակը եկած էր դէպի հայրենիք վերադարձի գործընթացին, ինչ որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան նոյն տարուայ Ընդհանուր ժողովը բանաձեւեց Դէպի Երկիր լոզունգ մը, որ իր կուսակցականութենէն անդին այդ ժամանակուայ Սփիւռքի պատկերացումն էր իր ճակատագրին: Յաջորդ 32 տարիներու ընթացքին, այսինքն մինչեւ ամբողջ հայութեան համար ճակատագրական բեկում բերած 44-օրեայ պատերազմը, Սփիւռքի զօրաշարժը նպատակաուղղուեցաւ հիմնականօրէն, եթէ ոչ՝ բացառաբար, դէպի Հայրենիք-Հայաստան եւ Արցախ: Այն ինչ, որ կայացած էր, որպէս Սփիւռք իր գրական-ստեղծագործական, հասարակագիտական, մտածողական եւ քաղաքական գործունէութեան ընդմէջէն, յատկապէս՝ 1965-1985/87 ժամանակաշրջանին, ինքնամոռացութեան գնաց, որպէս հաւաքականութիւն վերածուելու համար իրենց առօրեայի մէջ ամփոփուած եւ իրենց ինքնութեան յանձնառութիւնը միայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններով ճշդող համայնքներու գումարի:

Այս է ահաւասիկ սփիւռքեան անորոշութեան ենթախորքը: 44-օրեայ պատերազմը եկաւ ցոյց տալու, որ Հայաստան-Սփիւռք փոխ-սնուցիչ կամ փոխ-լրացման յարաբերութիւնը լաւագոյն պարագային տեսութիւն էր, բաղձանք, հռետորութիւն, եթէ ոչ ինքնախաբէութիւն, երբեք չէր վերածուած ծրագրի: Անկախ անկէ, որ 2018-ի իշխանափոխութենէն յետոյ ինչպէս Հայաստանի ներքաղաքական թէ արտաքին քաղաքականութեան, այնպէս ալ ներազգային, այսինքն՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու, բոլոր ոլորտներուն մէջ քաոս էր, նոր իշխանութիւններու ինքնասիրահարութեան, մեծամտութեան եւ ապիկարութեան հետեւանքով: Ինչ կը վերաբերի այս «անորոշութենէն» դուրս գալու միջոցին, կարծեմ պահն է վերադառնալու դէպի Սփիւռք, Վազգէն Եթիէմեզեանի բառերով «բնորոշուած յղացք»-ի մը գիտակցումին, որպէս գոյավիճակ եւ ոչ թէ պատմական հանգրուան: Այդ մէկը գործնականին մէջ կը նշանակէ դնել (համա) սփիւռքեան օրակարգ: Այդ մէկը կրնա՛ն ընել համասփիւռքեան ցանցի եւ զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւնները, առանձին կամ, նախընտրաբար, համագործակցելով, բայց պէտք չէ բացառել, որ սփիւռքեան ինքնուրոյն օրակարգի մը պահանջարկի գիտակցումը ծնունդ տայ նոր կազմակերպութիւններու կամ համասփիւռքեան նոր ցանցերու: Երկու պարագաներուն ալ սակայն կարեւոր է սփիւռքեան օրակարգը չպայմանաւորել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններով, եւ հեռու պահել Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացներէն:

– Ինչպէ՞ս պէտք է լինի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները:

– Նախքան նախորդ բնորդի քննադատական արժեւորումը նոր բնորդի մը պատկերացումը շատ դժուար է, որովհետեւ պիտի չկարենայ ձերբազատուիլ «պետականամէտութենէն» եւ ոչ միայն այս իշխանութիւններու յանձնակատարի նորագոյն սոփեստութեան իմաստով: Սփիւռքը պիտի գիտակցի որ ոչ-պետական հաւաքականութիւն մըն է, եւ եթէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնորդ մը պիտի ճշդէ, ապա եւ այդ մէկը պէտք է ըլլայ Սփիւռք-Հայաստան մօտեցումով, որպէս Սփիւռքեան օրակարգի մէկ կէտը, ոչ թէ օրակարգը ինքնին:

– Սփիւռքեան որոշակի հատուած պահանջում էր ՀՀ իշխանութիւնների հեռացումը, կար նաեւ որոշ հատուած, որն անտարբեր էր տուեալ օրակարգ առնչութեամբ, Ձեր կարծիքով ինչպիսի՞ դիրքորոշում պէտք է ապագայում դրսեւորի Սփիւռքն այս հարցի առնչութեամբ:

– Իշխանութիւններու հեռացման պահանջը թէ այդ պահանջին հանդէպ անտարբերութիւնը պիտի ընկալել խօսքի եւ կարծիքի ազատութեան յարգանքի հիման վրայ: Սփիւռքի քաղաքական հասունութիւնը ներհամայնքային թէ շրջանային կամ համաշխարհային մասշտապով համագործակցութիւնը սփիւռքեան օրակարգի մը շուրջ, հայրենի իրականութեան ներքաղաքական հարցերու շուրջ տարակարծութեան առկայութիւնը ընդունելուն մէջ կը կայանայ:

Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցին, երեք կուսակցութիւնները յաջողեցան վեր ելլել մինչ այդ Սփիւռքը երկփեղկած խորհրդային վարչակարգը ընդունելու թէ մերժելու ջրբաժանման գիծէն, եւ առանց սեփական դիրքորոշումը փոխելու որոշեցին միանալ ի խնդիր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ արդարահատոյցին: Այդ մէկը Սփիւռքի քաղաքական զարգացման խօսուն փաստը եղաւ, որ տասը տարի յետոյ, Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին, հայ համայնքը միաւորեց «դրական չէզոքութեան» կեցուածքին մէջ: Նաեւ, Սփիւռքի մէջ, կարելի է գործնականօրէն ցոյց տալ պետութեան եւ իշխանութեան տարբերումը եւ ժողովրդավարութեան ամենատարրական սկզբունքը՝ կարծիքի ազատութեան իրաւունքն ու յարգանքը:

– Ի՞նչ քայլերով է կարող նպաստել Հայաստանը Սփիւռքի վերակազմակերպուածութեանն ու զօրաշարժին:

– Այս հանգրուանին լաւագոյնը կ’ըլլայ, որ Հայաստանը, եւ մանաւանդ ՀՀ օրուայ իշխանութիւնները չփորձեն «նպաստել» Սփիւռքի վերակազմակերպմանը, եւ նուա՛զ եթէ այդ մէկը պիտի ընեն «պետականամէտ» Սփիւռք մը առաջացնելու համար: Աւելի՛ն, Հայաստանի բերելիք «նպաստ»-ին մասին ներկայ հանգրուանին խօսիլը պարզապէս անհեթեթ է, որովհետեւ Սփիւռքը վերակազմակերպումի քայլերը տակաւին չէ հաստատագրած: Հայաստանի բերելիք «նպաստ»-ին մասին վերակազմակերպուած Սփիւռքը կրնայ մտածել միայն եթէ յստակօրէն գիտակցի թէ ինչ «նպաստ» հարկաւոր է իրեն: Ի դէպ, ի՞նչ «նպաստ» բերած է մինչեւ հիմա Հայաստանը Սփիւռքին…

– Սփիւռքի նկատմամբ վերաբերմունքի փոփոխութեան մասին մէկ անգամ ակնարկեցիք, որի հետ լիովին համաձայն եմ: Նաեւ կարծում եմ այդ վերաբերմունքը պէտք է փոխուի ե՛ւ Հայաստանում, ե՛ւ Սփիւռքում, ե՛ւ ներսփիւռքեան յարաբերութիւններում: Այդ վերաբերմունքների փոփոխութիւնը ինչպէ՞ս էք պատկերացնում:

– Վերաբերմունքի փոփոխութիւնը նախ Սփիւռքէն պիտի սկսի թապուներ կոտրելու համարձակութեամբ: Օրինակի համար, Սփիւռքը պիտի համարձակի օրակարգի դնել «տարբերում»-ը, որպէս համահայկական բազմամշակութային իրականութեան յատկանիշ, որուն նկատառումը անհրաժեշտ է ներազգային համարկումի գործընթաց սկսելու համար:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանէն վերաբերմունքի փոփոխութեան, այդ մէկը կրնայ տեղի ունենալ միայն եթէ վերակազմակերպուած Սփիւռքը ընկալուի, որպէս պետութեան միջազգային ներկայութեան լրացուցիչ կենսական գործօն:

– Սփիւռքի արդիականացման, վերակազմակերպման համար կարծում եմ մեծ անելիք ունի թուայնացման ժամանակաշրջանի ընձեռած գործիքակազմերը, որի ամենահասանելի հնարաւորութիւններից մէկն է թուային տարածքներում վերախմբաւորել, փոխազդեցութեան նոր հնարաւորութիւններ ստեղծել, ձեւաւորելով համատեղ նոր համայնքներ, որոնք կարող են համալրել եղած ֆիզիքական համայնքների մարդկային ռեսուրսները, դուք թուային Սփիւռքի մասին ի՞նչ կարծիք ունէք, այն կարո՞ղ է օգնութեան հասնել մաշուած ֆասադով Հայկական Սփիւռքին:

– Միանշանակ համաձայն եմ: Բաւ է, օրինակի համար, գիտակցիլ թէ համացանցի վրայ տիրապետողը Աբեղեանական ուղղագրութիւնն է: Դասական ուղղագրութեան սրբագրիչ ծրագիր մը շատոնց սփիւռքեան օրակարգ պիտի ըլլար քանի որ նման նախանձախնդրութիւն սպասելի չէ Հայաստանէն: Եւ այս Սփիւռքի արդիականացման համար թուայնացումի ծրագիրներէն միայն մէկն է: Ամէն պարագային, կը կարծեմ, որ թուայնացման ծրագիրներ շատոնց ընթացք առած են, եւ անոր մէջ պիտի վեր առնել «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի նախաձեռնողականութիւնը: Թուայնացման ծրագիրները կան, բայց այդ բոլոր ծրագիրներն ու անոնցմէ անդին Սփիւռքի արդիականացման համար թուայնացումի ռազմավարութիւն մը կը պակսի: Սկսելով ի՞նչ կը նշանակէ Սփիւռքի համար թուայնացումը 21-րդ դարուն արագօրէն զարգացող քաղաքակրթական փոփոխութիւններու բանականութեան մէջ հարցումի մասին ընդհանուր խորհրդակցութիւն բանավէճէն:

Հարցազրոյցը՝ Սիւնէ Ֆարմանեանի

Comments are closed.