Լարուածութիւնը Մթնոլորտ Ստեղծեց, Որ ԱՄՆ-ն Ատրպէյճանի Պաշտպանական Միջոցներու Տրամադրման Արգելափակման Հարցը Հրատապօրէն Քննարկէ. Կիրօ Մանոյեան

Քանի մը ամիս է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տանի, բայց այս օրերը ՀՀ-Ատրպէյճան սահմանագիծի լարուածութիւնը, կարելի է ըսել, հարցը շտապօրէն քննարկելու մթնոլորտ ստեղծեց: Այսպիսի կարծիք յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան,
NewArmenia.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին անդրադառնալով ԱՄՆի կողմէ Ատրպէյճանին պաշտպանական միջոցներու տրամադրումի արգելափակման հարցի քննարկումին։

Մանոյեանի խօսքով` հարցը Երկուշաբթի օր պիտի դրուի քննարկման:
«Պէտք է սպասենք ու տեսնենք, թէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ինչ եզրակացութեան պիտի հասնի: Մինչեւ հիմա Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնը հիմնաւորած էր, որ ինքը այդ 110 միլիոնը տրամադրած է Ատրպէյճանին ո՛չ թէ Ղարաբաղի կամ ՀՀ-ի դէմ օգտագործելու համար, այլ՝ Կասպից Ծովը պաշտպանելու: Հիմա պարզ է, որ եթէ Ատրպէյճանը անվտանգութեան հարց ունի, կրնայ այդ խնդիրը լուծելու համար գումարները իր գրպանէն չդնել, փոխարէնը իրեն տրամադրուող գումարը օգտագործէ Հայաստանի դէմ: Ի սկզբանէ անհեթեթ էր ԱՄՆ գործադիր իշխանութեան հիմնաւորումը: Իսկ այսօր, երբ սահմանի վրայ այս իրավիճակն է, կը կարծեմ, որ օրէնսդիրները տարբեր տեսանկիւնէն կը նային հարցին, որովհետեւ վերջին իրադարձութիւնները պատճառներէն մէկն են, որ այս հարցը առաջնահերթութիւն ստանայ»,- ըսաւ ան:

Մանոյեան նկատեց, որ Ատրպէյճանին տնտեսական աջակցութիւն տրամադրելու հարցը պէտք է դիտարկուի նաեւ Փենթակոնի ծախսերուն արդիւնաւէտութեան լոյսին տակ , որովհետեւ աջակցութիւն տրամադրելը Փենթակոնի առաջարկը եղած է:

Ի՞նչ կը վերաբերի ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի յետագայ գործողութիւններուն, եթէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը որոշէ Ատրպէճանին տնտեսական օգնութիւնը շարունակել, Կիրօ Մանոյեան յայտնեց․
«ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը արդէն 1-2 տարի է կը բարձաձայնէ անհաւասարութեան մասին, որովհետեւ մինչեւ վերջին 1-2 տարին միշտ հասկացողութիւն եղած է, որ ԱՄՆ-ի` ՀՀ-ին ու Ատրպէյճանին տրամադրուող տնտեսական աջակցութիւնը պէտք է ունենայ հաւասարութիւն, իսկ այս պարագային հաւասարութիւնը խախտուած է, անոր համար Ամերիկայի Հայ Դատը այս հարցը առաջնահերթ կը համարէր»:

Կիրօ Մանոյեան աւելցուց, որ վերոնշեալ գործընթացին զուգահեռ Հայ Դատի Յանձնախումբը նաեւ աշխատանքներ կը տանի, որ Արցախի մէջ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումը պահպանուի ԱՄՆ պիւտճէով, որովհետեւ Արցախին տրամադրուող գումարը անհամեմատօրէն քիչ է` 5 միլիոն տոլար:
«Ասիկա աշխատանք մըն է, որ պէտք է շարունակուի, որովհետեւ խախտուած է հաւասարութիւնը, եւ այս ուղղութիւնը պիտի շարունակէ աշխատանքը»,- ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.