Դեկտեմբեր 03, 2025
ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏ. «ՔԵՍԱՊԻ ՀՐԴԵՀՆԵՐԸ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ ԵՆ»
- (0)

Լաթաքիոյ նահանգապետ Մուհամմետ Օսման յայտնեց, որ հրշէջներու խմբակներն ու քաղաքային պաշտպանութեան խմբակները յաջողեցան Քեսապի մէջ բռնկած հրդեհները շիջանել։
Օսման ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին հաղորդեց, որ աշխատանք կը տարուի ներկայիս տարածքներու զովացման համար, հաստատելով, որ իրավիճակը հսկողութեան տակ է։
Նահանգապետը յայտնեց, որ զանազան նահանգներէ հրշէջներու խմբակներ օգնութեան հասան եւ գիւղացիներու գործակցութեամբ հրդեհներու շիջանման գործողութիւնը աւելի արագ ընթացաւ։