Լաթաքիոյ Հայ Համայնքին Իրավիճակը
- (0)

Լաթաքիոյ մէջ «Գանձասար»-ի թղթակիցը կը յայտնէ, որ Քաղաքի կեդրոնական մասին վիճակը երէկ կայուն էր, բախումներ չկային, սակայն բնակչութիւնը բնակարաններէն դուրս չի գար, կրակոցներու ձայներ մերթ ընդ մերթ կը լսուին: Կացութիւնը, ընդհանուր առմամբ, տակաւին մտահոգիչ է: Անցնող օրերու արիւնալի դէպքերը, խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնը վախի ու անապահովութեան մթնոլորտ ստեղծած են:
Ապահովական ուժեր տարածուած են քաղաքի կեդրոնական թաղամասերը, կը խուզարկեն անցնող մեքենաներն ու անցորդները, կանխելու նախատեսուող վտանգներ:
Դպրոցները ցարդ կը մնան փակ: Բնակչութիւնը կը դիմագրաւէ տնտեսական դժուարութիւններ, որովհետեւ գործատեղիները չեն բանիր: Ջուրի տագնապը կը շարունակուի: Քաղաքին մէջ ջուրի բաշխման աշխատանքներ կը տարուին: