Ի Տէր հանգաւ Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեան

17 Դեկտեմբերին Մոնթրէալի մէջ վախճանեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւորականներէն Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, որ 61 տարի ծառայած է Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ: Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Սուրէն Սրբազան Հօր հակիրճ կենսագրականը.
Ծնած է 21 Յունիս 1939-ին, Հալէպ (Սուրիա): Աւազանի անունն է Աբրահամ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգ. Ուսումնասիրաց եւ Հայկազեան Վարժարաններուն մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է 8 Հոկտեմբեր 1954-ին:
Աւարտելով դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինը, Սարկաւագ ձեռնադրուած է 22 Յունիս 1959-ին, ձեռամբ Ճեզիրէի (Սուրիա) Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի:
Կուսակրօն Եկեղեցական ձեռնադրուած եւ օծուած է 24 Յունիս 1962-ին, ձեռամբ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի, եւ վերակոչուած՝ Տ. Սուրէն Աբեղայ:
Վարդապետական Գաւազան ստացած է 3 Նոյեմբեր 1963-ին, ձեռամբ Լիբանանի Առաջնորդ Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի, աւարտաճառ ներկայացնելով «Հայց. Եկեղեցւոյ Եօթը Խորհուրդներու Պատմական ու կանոնական զարգացումը՝ ըստ Հայց. Եկեղեցւոյ կանոնագրութեանց»:
23 Դեկտեմբեր 1965-ին, որպէս հոգեւոր հովիւ, գործուղուած է Մոնթրէալ (Գանատա), ուր մնացած է ութը տարի:
Իր հովուութեան շրջանին կարեւորագոյն աշխատանքներէն մին եղած է Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Հայց. Եկեղեցւոյ եւ Հայ Կեդրոնի շինարարական ծրագրին իրագործումը:
15 Յուլիս 1977-ին Բերիոյ Թեմի Ազգ. Վարչութեան Խառն Ժողովին կողմէ (Կրօնական եւ Քաղաքական) ընտրուած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ: Հալէպ ժամանած է 10 Սեպտեմբեր 1977-ին, եւ 15 Հոկտեմբեր 1977-ին Թեմի Ազգային Գաւառական Ժողովին կողմէ ընտրուած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ:
30 Հոկտեմբեր 1977-ին Եպիսկոպոս ձեռնադրուած եւ օծուած է, ձեռամբ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
Անոր Առաջնորդութեան շրջանին Բերիոյ Թեմը արձանագրած է շինարարական վիթխարի իրագործումներ, որոնցմէ այստեղ կ’արձանագրենք միայն գլխաւորները.
– Երկուտասնեակ շէնքեր, որոնց մէջ բնակութիւն հաստատած են կրթական մշակներ, Քահանայ հայրեր, նորապսակ ամոլներ, ազգայիններ եւ յատկապէս գէմբերէն տեղահանուած հարիւրաւոր ընտանիքներ:
– Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող հնադարեան Ս. Աստուածածին Եկեղեցին վերածուած է գանձատան, եւ որուն մէջ ամփոփուած են հինգ հարիւր տարուան մշակութային եւ հնագիտական արժէք ներկայացնող եկեղեցական սպասներ: Գանձատունը անուանակոչուած է Զարեհեան Գանձատուն, ի յիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (այստեղ հարկ է արձանագրել, որ Զարեհ Եպիսկոպոս 1940-1956 եղած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ):
– Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի շրջափակին մէջ եռայարկ շէնք մը՝ հետզհետէ աճող ուսանողութեան համար:
– Ազգ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի նորակառոյց շէնքը՝ իր ներքնայարկ Եսայեան գեղակերտ թատերասրահով:
– Ազգ. Հայկազեան տղոց բաժնի համար գնուած է նոր շէնք մը եւ բարեզարդուած:
– Ազգ. Սահակեան Վարժարանի մանկապարտէզի նոր շէնքը:
– Ազգ. Առաջնորդարանի շէնքին ընդարձակումը:
– Արամ Մանուկեան ժողովրդային Կեդրոնը:
– Հին Կիւլպէնկեան հողին վրայ կառուցուած է գեղակերտ շէնք մը, որպէս հաւաքատեղի եւ ժողովատեղի Սիւլէյմանիէի շրջանի Համազգայինի, Օգնութեան Խաչի եւ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերուն: Շէնքը անուանակոչուած է Սիմոն Վրացեան Կեդրոն:
– ՍՕԽ-ի Նոր Գիւղի ընկերաբժշկական դարմանատունը իր ժողովասրահներով եւ գետնայարկի դերձակատունով:
– Առանձնակի պէտք է արձանագրել Տէր Զօրի Նահատակաց Յուշահամալիրը եւ Մարկատէի անապատին մէջ նահատակներու աճիւններուն վրայ կառուցուած Ս. Յարութիւն Մատուռը:
– Հայ Ծերանոցի կողքին Արեւիկ թերաճ մանուկներու եւ պատանիներու դպրոցը:
Սրբազանը լոյս ընծայած է հետեւեալ գիրքերը.
– Սաղմոսագիրքի աշխարհաբար թարգմանութիւն՝ հանդերձ գրաբար բնագրին, Հալէպ (1996):
– Առակաց գիրքի աշխարհաբար թարգմանութիւն՝ հանդերձ գրաբար բնագրին, Հալէպ (1997):
– Ս. Պատարագի երգեցողութեան փոքր գրքոյկ մը՝ Ս. Պատարագի մեկնաբանութեամբ, Հալէպ (1998):
– Ատենի Աւետարան՝ գրաբար եւ աշխարհաբար, Մոնթրէալ (2013):
– Տօնացոյց Հայց. Եկեղեցւոյ, Մոնթրէալ (2013):
– Պատկերազարդ Ծիսական Բառարան, Մոնթրէալ (2014):
– Հաւատքի եւ Ծառայութեան Ուղիներով, Մոնթրէալ (2015):
– Իննսունամեայ հունձքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին, Մոնթրէալ (2020):
Իր վերջին աշխատութիւնն է՝ «Բացատրութիւն եւ Մեկնաբանութիւն Ս. պատարագի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ» գրքոյկը:
Բերիոյ Թեմի 27 տարիներու ծառայութեան որպէս գնահատանք, Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Մեծարգոյ Տիար Սերժ Սարգիսեան 3 Սեպտեմբեր 2011-ին Մովսէս Խորենացի մետալով պարգեւատրած է Սրբազանը:
2004-էն ի վեր Սրբազանը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ, որպէս հոգեւոր տեսուչ, կը ծառայէր Մոնթրէալի (Գանատա) Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ:

Comments are closed.