Ի ՊԱՏԱՍԽԱՆ…

Իսկ ես կը կարծեմ, թէ ՀՀ հանրութիւնը պէտք է լրջօրէն մտահոգուի, թէ ի՞նչ է ըլլալու իր ապագան, երբ մեղադրեալ Քոչարեանը — և առհասարակ ոևէ մեղադրեալ — կը դատուի դատարաններէն դուրս։

Նախ. Քոչարեանը ի՞նչ է և ի՞նչ չէ պէտք է ըսէ ՀՀ Սահմանադրութեամբ հաստատուած դատական համակարգը։ Մնացեալ բոլորին բարոյական պարտաւորութիւնն է յարգանքով սպասել դատական համակարգի վճիռին։

Իսկ դատական համակարգը մատնուած է աննախընթաց շփոթի…գործադիր իշխանութեան անխոհեմ պահուածքով։ Կը գտնուինք ախտաւոր շրջանակի մէջ (vicious circle)։ Կը գտնուինք արդարադատութեան գործառոյթի խափանման վտանգաւոր կացութեան մէջ։ Ո՞վ պիտի դատէ մեղադրեալ Քոչարեանն ու բոլոր միւս մեղադրեալները առանց ի սկզբանէ կասկածի տակ իյնալու։ Ո՞վ պիտի երաշխաւորէ արդարադատութեան սրբութիւն սրբոց՝ անմեղութեան կանխավարկածը։

Այսօր, ամէն ինչէ առաջ, ՀՀ արդարադատութեան հեղինակութիւնն է, որ դրուած է ՀՀ և համաշխարհային հանրութեան նժարին։ ՀՀ հանրութեան ապագան այդ նժարով է, որ պիտի ճշտուի։

Կարօ Արմենեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.