Իրանի Դեսպանը Այցելեց Վերին Շորժայի Սահմանագիծը
3 Օգոստոսին, Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Ահհաս Պատախշան Զոհուրի եւ Իրանի դեսպանութեան ռազմական կցորդ, գնդապետ Պահման Սատեղի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ՝ այցելեց Գեղարքունիքի մարզը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը այս մասին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը։
Զօրամիաւորման հրամանատար, զօր. Արայիկ Յարութիւնեան դեսպանին ներկայացուց հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը, որմէ ետք կազմակերպուեցաւ այցելութիւն Վերին Շորժայի հատուածի սահմանագիծը:
Իրանի դեսպանը, մտահոգութիւն յայտնելով երկու երկիրներու սահմանային վէճերու շարունակութեան գծով՝ ընդգծեց երկու կողմերու զսպուածութեան եւ երկու երկիրներու միջեւ վէճերու խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը։ Ան ցաւակցութիւն յայտնեց ընդհարումներուն ընթացքին զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն:
Պարզաբանելով բոլոր կողմերուն` միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները յարգելու անհրաժեշտութիւնը, դեսպան Զոհուրին նշեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան ապահովումը կը բխի տարածաշրջանի ժողովուրդներու շահերէն՝ յայտնելով Իրանի պատրաստակամութիւնը`աջակցելու տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման աշխատանքներուն: