Իշխանութիւնը Գումարներ Առաջարկած Է Կիրանցի Բնակիչներուն

«Ազատութեան» տեղեկութիւններով՝ գոյք կորսնցնող գիւղացիները Կիրանցի գիւղապետարանին մէջ գրած են դիմումներ, որոնք բնակիչներուն համաձայն, ըստ էութեան, փոխհատուցման եւ գոյքէ հրաժարելու կը վերաբերին։

Թէ ի՞նչ ձեւակերպումներով են այս դիմումները, իրաւական ի՞նչ հիմեր ունին, տակաւին յստակ չէ։ Պաշտօնական պարզաբանում չկայ փոխհատուցման վերաբերեալ ։

Գիւղացիներուն համաձայն՝ սահմանազատման պատճառով ընդհանուր առմամբ 54 հողակտոր կ՛անցնի սահմանին միւս կողմը: Անոնք կը պատկանին աւելի քան 30 անձերու: Այսինքն՝ աւելի քան 30 բնակիչ այս բոլորին պատճառով պիտի կորսնցնէ գոյքն ու սեփականութիւնը։

Պաշտօնական ոչինչ կը հաղորդուի այդ մասին, նաեւ յստակ չէ հատուցման չափը։

Բնակիչներուն համաձայն՝ առաջին հերթին տուներ, շինութիւններ կորսնցնող քաղաքացիներուն գոյքը պիտի փոխհատուցուի․ այդպիսի 4 շինութիւն կայ։ Այս մասին յայտնեցին կառավարութենէն։

Ասոր զուգահեռ, Կիրանց սկսան բերուիլ տնակներ, որոնք, ըստ էութեան, հայ սահմանապահներուն համար են: Սակայն ոչինչ կ՛ըսուի այն մասին, թէ ո՛ւր պիտի տեղադրուին անոնք։

«Ազատութեան» լրագրողը կը գրէ, որ նոյն օրը նկատած է, թէ Կիրանց տանող ճամբու աջ հատուածին մէջ տեղադրուած սեան վրայ գրուած է Aze․ նախօրէին նման գրառում չկար։ Սեան կողքին ծառայութիւն կը կատարեն հայ սահմանապահները:

Կիրանց տանող ճամբան կը շարունակէ փակ մնալ՝ 4րդ օրն ըլլալով։

«Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Գառնիկ Դանիէլեան պատասխանեց Ալէն Սիմոնեանի «քաղաքականութիւնն առեւտուր է» արտայայտութեան մասին հարցումի մը՝ ըսելով. «Իրենց համար լրիւ համապատասխանում է իրականութեանը՝ Արցախի պարագայում էլ էր առեւտուր, Գորիս-Կապան ճանապարհն էլ էր առեւտուր, որ ադրբեջանցիներն գրաւել են ու Հայաստանի իշխանութիւնը ծպտուն չի հանում: Մեր Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, որ հիմա Բաքուի բանտում է, տեսնում ենք՝ ինչ ամօթ է, որ Լիւքսեմբուրգի Պատգամաւորների պալատի նախագահն է ասում, թէ Ադրբեջանն ինչ վայրագութիւններ է գործել, եւ խօսում, որ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնն օր առաջ պէտք է վերադառնայ: Օտար երկրի ներկայացուցիչն աւելի հայամէտ է, քան ՀՀ իշխանութիւնը»։

Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճան իր բոլոր ուզածը առած է այս առեւտուրին ընթացքին, իսկ Հայաստան ոչինչ ստացած է:

«Իշխանութիւնն անբացատրելի գումարներ է առաջարկել Կիրանցի բնակիչներին։ Ասել են՝ թղթի վրայ ինչ ուզում էք, այդ գումարը գրէք։ Տարբեր մարդկանց կանչել են տարբեր հաստատութիւններ», բացատրեց ան։

«Մարդկանց տեռորի (ահաբեկման) են ենթարկում, կարող է մարդ լինի՝ նեարդերը տեղի տայ, մարդ կայ, որ կարող է վաճառուել, հնարաւոր է, բայց 99 տոկոսը գոհ չի․ ընդամէնը կարող են լինել մարդիկ, որ մտածեն՝ այլընտրանքը գումար վերցնելն է: Մարդկանց ասել են, թէ սահմանը հիմա այստեղով է անցնում, բայց որ մէկ-երկու հաւաք անէք, կարող է Ալիեւը ջղայնանայ, ու սահմանն աւելի ներքեւով անցնի: Պատկերացնո՞ւմ էք սրանց ճղճիմութիւնը», շեշտեց պատգամաւորը։

«Ո՞նց կարող ես 4 գիւղ յանձնես եւ փաստը ներկայացնես իբրեւ մեծ յաջողութիւն: Աւելի լաւ է լռես ու բոլորը մտածեն, որ դու տգէտ ես, քան թէ խօսես ու բոլորը համոզուեն, որ դա այդպէս է», յայտնեց ան։

Comments are closed.