Իշխանափոխութիւնը Ազգային Փրկութեան Միջոց Է

Իսրայէլ չ՛աճապարեր աւարտել Կազայի պատերազմը: Համաս ընդունեց ամերիկեան ծրագիրը, եւ սկսան պատերազմի աւարտը կանխորոշող բանակցութիւնները, որոնց հովանաւորները` Միացեալ Նահանգներ, Քաթար եւ Եգիպտոս, շատ լաւատես կը թուէին արդիւնքի մը հասնելու նախատեսութեամբ: Քաթարի մէջ կայացող բանակցութիւններուն ըսուեցաւ, որ յառաջընթաց արձանագրմոած է. այս վստահութիւնը ունեցող Միացեալ Նահանգները սակայն անակնկալօրէն Իսրայէլ գործուղեցին արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը: Ի՞նչ պատահած էր: Մինչ Միացեալ Նահանգները կ՛ուզեն պատերազմի աւարտը, իսրայէլեան կառավարութիւնը կ՛ուզէ, պատանդներու փոխադարձ ազատագրումէն ու կարճատեւ զինադուլէ մը ետք, շարունակել պատերազմը, որ սպանդի մը վերածուած է` իր ամբողջութեան մէջ վերացնելու համար Համասը Կազայի մէջ: Մինչեւ վերջին մարդը: Հին պահանջ է: Պատերազմը երկու նպատակ ունէր` պատանդներու ազատագրումը եւ Համասի ի սպառ չէզոքացումը. ըստ երեւոյթին, Էնթընի Պլինքըն պիտի փորձէ համոզել Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուն եւ իր ծայրայեղական կառավարութիւնը, որ քիչ մը ջուր խառնեն իրենց պահանջկոտութեան եւ բաւականանան քառասուն հազար զոհերով, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը անզէն բնակիչներ են, կիներ, մանաւանդ` երեխաներ: Բանակցութիւններու երկրորդ փուլը, որ պէտք է կայանար Եգիպտոսի մէջ, յետաձգուեցաւ մինչեւ շաբաթավերջ:

Հիմա ամբողջ աշխարհը կը սպասէ, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն Իրանն ու Հըզպալլան արդէն մոռացութեան տրուած զոյգ ահաբեկումներուն: Վերջինները որոշած էին համբերել` բանակցութիւնները մերժելու պատրուակ չտալու համար իսրայէլեան կառավարութեան: Անապահով սպասողական վիճակը կը շարունակուի` մտահոգիչ կացութիւն մը ստեղծելով յատկապէս Լիբանանի մէջ, որուն կրնայ սպառնալ Կազայի պատերազմին նմանողութեամբ բռնկում մը: Իսրայէլ կը սպառնայ, բայց լիբանանցիները անապահով պայմաններու տակ ապրելու երկար, շա՜տ երկար փորձառութիւն ունին:

* * *

Ի՞նչ է դրութիւնը Հայաստանի մէջ: Մթնոլորտը կը շարունակէ արձակուրդային մնալ, հակառակ անոր որ շատերը արդէն վերադարձած են բնականոն աշխատանքի: Սահմանի վերաբացման շուրջ բանակցութիւններ եղան. բանակցողները ճեմեցին Մարգարա վերանորոգուած կամուրջին վրայ, սակայն կամուրջը շարունակեց փակ մնալ: Սահմանը վերաբանալու համար Թուրքիա կը պահանջէ, որ Հայաստան Ազրպէյճանի բոլոր պահանջներուն գոհացում տայ: Պահանջներէն մէկը կը վերաբերէր «Զանգեզուր»-ի միջանցքին. Ազրպէյճան զիջում կատարած է ու միջանցքի բացումը դուրս հանած խաղաղութեան պայմանագրի պահանջներէն: Ուշադրութի՛ւն. չէ հրաժարած այդ պահանջէն, այլ սահմանագծման նման` վերածած է առանձին քննարկուող նիւթի: Ասիկա կը նշանակէ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի չլուծէ բոլոր տարակարծութիւնները, պիտի մնան առկախ հարցեր ու բնականաբար` ճնշումի միջոցներ:

Երկրորդ պահանջը շատ աւելի ծանրակշիռ է. Ազրպէյճան կը պահանջէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութենէն դուրս բերուին պահանջատիրութիւն բուրող նշումները, ինչպէս Արցախի` Հայաստանի միացման պահանջը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման խնդիրը: Այս երկուքը մաս կը կազմեն Անկախութեան հռչակագիրին, որուն յղում կը կատարէ սահմանադրութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան յստակօրէն չէ արտայայտուած այս պահանջին մասին, սակայն սահմանադրութեան ամբողջական փոփոխութեան գաղափարը արծարծած ու յանձնարարած համապատասխան յանձնախումբին` գործադրութիւնը յետաձգելով մինչեւ 2027: Կը նշանակէ, որ մինչեւ այդ թուականը թերեւս չունենանք խաղաղութեան պայմանագիր:

Ռուսիա անգամ մը եւս պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն նպաստելու: Բանակցութիւնները այժմ տեղի կ՛ունենան առանց միջնորդներու: Արեւմուտքը այլեւս ընելիք չունի, պահանջեց նշաձողը իջեցնել, որ յանգեցաւ Արցախի ամբողջական գրաւման ու հայաթափումին: Ռուսերը դիտեցին կատարուող անիրաւութիւնը ու ոչինչի ձեռնարկեցին: Նիկոլ Փաշինեան հնարեց իրական Հայաստանի գաղափարը, զոր հակադրեց պատմական Հայաստանին: Հիմա ստեղծուած է կատարեալ փակուղի. իրական Հայաստանը, ձերբազատուած ամէն տեսակի պահանջէ ու երազանքէ, պէտք էր խաղաղութեան խաչմերուկ դառնար, Փաշինեան զիջելով կ՛ուզէր յաղթել, բայց զիջումներու վերջնական սահմանը դեռ չ՛երեւիր: Ազրպէյճան Հայաստանը կը համարէ Արեւմտեան Ազրպէյճան: Փաշինեան համամի՞տ է ազերիական այս տեսլականին. չենք գիտեր: Կը գիտնանք երեւի, երբ յաջողի սահմանադրական փոփոխութիւնը, որ սարերու ետեւ չէ:

Արդար է պահանջել, որ դադրի այս գահավիժումը: Հայութիւնը չի կրնար Ազրպէյճանի իշխանութիւնը փոխել, սակայն կրնայ կանգնեցնել Հայաստանի զիջումներու քաղաքականութիւնը` փոխելով իշխանութիւնը:

Իշխանափոխութիւնը ազգային փրկութեան միջոց է: Պէտք չէ ուշացնել:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Comments are closed.