ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Horizon Weekly Newspaper

24 Դեկտեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մօտ Աւստրալիոյ դեսպան Լինտըլ Սաքս, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի առնչուած հարցեր, բնականաբար անդրադարձ կատարելով նաեւ յառաջիկայ Յունուարին Լիբանանի նախագահական ընտրութեան։