Ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ Նիկոլ Փաշինեանի անձնատուութեան հերթական «արարը»
- (0)

«Փաստ» օրաթերթը կը գրէ, թէ, վերջերս Նիկոլ Փաշինեան այցելած էր Տաւուշի մարզ՝ հանդիպելու Ոսկեպար, Բաղանիս, Կիրանց եւ յարակից այլ համայնքներու բնակիչներու հետ եւ փաստացի կերպով համոզելու, որ պէտք է կատարել Ատրպէյճանի պահանջքն ու յանձնել Տաւուշի չորս գիւղերը (Բաղանիս Այրում, Աշաղը (Ներքին) Ոսկեպար, Խէյրիմլի, Կըզըլ Հաջիլի):
Հանդիպման ամբողջ նպատակը եղած է վախ ներշնչել, որ չյանձնելու պարագային «շաբաթուայ վերջին» պատերազմ կը սկսի: Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ նոյն Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էր, թէ այդ բնակավայրերը երբեք Հայաստանի տարածքին մէջ չեն եղած: Այս օրերուն յաճախ կը խօսուի բուն տարածքներու յանձնման՝ «հող յանձնելու» մասին, սակայն նոյնքան կարեւոր է հասկնալ, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ կը պատահի, եթէ Նիկոլ Փաշինեան որոշէ յանձնել այդ տարածքները:
Նախ՝ քարտէսին նոյնիսկ թեթեւակի հայեացք նետելով՝ ակնյայտ կը դառնայ, որ Ոսկեպար գիւղը կը յայտնուի լիակատար շրջափակման մէջ, իսկ Կիրանց եւ Բաղանիս գիւղերը՝ մասնակի շրջափակման մէջ: Երկրորդ՝ Երեւան-Թիֆլիս ռազմավարական ճանապարհը փաստացիօրէն կը փակուի, թշնամիին վերահսկողութեան տակ կը յայտնուի նաեւ ռազմավարական կազատարը: Թշնամին կը մօտենայ վերոնշեալ երեք գիւղերուն մի քանի տասնեակ մեթրի հեռաւորութեան վրայ, եւ այդ համայնքներուն մէջ կեանքը պարզապէս կը դարձնէ անտանելի, եթէ չըսենք՝ անհնար: Ասոր վրայ գումարած՝ մեր լաւագոյն պաշտպանական բնագիծերը կ’անցնին թշնամիին ձեռքը՝ անոր ծանր հետեւանքներով:
«Փաստ» թերթին տեղեկութիւններով, Նիկոլ Փաշինեանի պատրաստակամ յանձնողականութեան հերթական այս «արար»էն զայրացած են ոչ միայն տեղի բնակիչները, ընդհանրապէս Հայաստանի հասարակութեան՝ մտածելու ունակութիւն ունեցող հատուածը, այլ նաեւ զինուորականութիւնը: Խնդիրն այն է, որ անոնք հիանալիօրէն կը հասկանան, որ կա՛մ պէտք է հրաժարին զօրքերը ետ քաշելու հրամանը կատարելէ, կա՛մ դառնան յանցակից. խնդիրն այն է, որ իրաւաբանները, նաեւ տարբեր քաղաքական ուժեր յայտարարած են, որ գործ ունինք յանցագործութեան հետ: Օրինակ՝ «Հայաքուէ» նախաձեռնութիւնը համակարգող Աւետիք Չալապեան վերջերս նշած էր, որ ՀՀ որեւէ տարածքի զիջում այլ պետութեան՝ յանցագործութիւն է Հայաստանի սահմանադրական կարգին դէմ եւ, համաձայն Քրէական օրէնսգիրքին 421 յօդուածին, ենթակայ է խիստ պատիժի:
Կը նշուի նաեւ, որ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ Ատրպէյճանի կողմէ հնչած բնակավայրերը ՀՀ-ի չեն պատկանիր, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն է, քանզի ոեւէ պաշտօնեայ իրաւասու չէ միանձնեայ որոշել, թէ որն է ՀՀ տարածքը: