Ժողովրդավար Պելճիքան Պէտք Չէ Շանթաժի Ենթարկուի ազրպէյճանի Քարիւղային Բռնապետութեան Կողմէ. Հայ Դատ
614
0
Հայ Դատի Պելճիքայի յանձնախումբը նամակ ուղարկած է վարչապետ Ալեքսանդր Տը Քրուին։
Վարչապետին հասցէագրուած նամակով յանձնախումբը գնահատած է արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպի դիրքորոշումը եւ Պելճիքայի խորհրդարաններուն ընդունած բանաձեւերուն հաւատարիմ մնալը։
«Ափսոսանքով տեղեկացանք, որ ազրպէյճանի նախագահ ալիեւը հրաժարած է հանդիպելու նախարար Լահպիպի հետ, վերջինի Երեւանի մէջ ըրած յայտարարութիւններուն պատճառով՝ զանոնք համարելով հայամէտ։ Մինչդեռ նախարարը միայն կրկնած է Եւրոմիութեան դիրքորոշումը եւ վերահաստատած Պելճիքայի դաշնային եւ ֆլամանտական խորհրդարաններուն որոշումը՝ ազրպէյճանէն պահանջած երաշխաւորել Բերձորի միջանցքով երթեւեկութիւնն ու անոր անվտանգութիւնը»,- գրած է յանձնախումբը։
Վերջինս անընդունելի որակած է Լահպիպի հանդէպ պաքուի կեցուածքը եւ յիշեցուացծ բոլոր այն բանաձեւերը, որոնք ընդունուած են վերջին ամիսներուն։ 2023 թուականի Յունուար 31-ին Պելճիքայի Դաշնային խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը միաձայն ընդունած է բանաձեւ՝ դատապարտելով ազրպէյճանը Արցախի շրջափակման համար եւ կոչ ըրած ազրպէյճանի իշխանութիւններուն անյապաղ բանալու Բերձորի միջանցքը։ Բացի այդ, 2023 թուականի Յունիս 13-ին Ֆլամանտիայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ընդունած է բանաձեւ՝ կոչ ընելով անյապաղ բանալու ազրպէյճանի կողմէ արգելափակուած Բերձորի միջանցքը եւ ազրպէյճանական ուժերը դուրս հանելու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։ Իսկ Եւրոխորհրդարանը 2023 թուականի Յունուար 19-ին բանաձեւ ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մարդկայնական հետեւանքներուն մասին՝ կոչ ընելով ազրպէյճանին յարգելու եւ կատարելու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները եւ անյապաղ վերաբանալու Բերձորի միջանցքը, ապահովելոկ ազատ տեղաշարժը եւ հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու հասանելիութիւնը:
Իբրեւ պելճիքական եւ եւրոպական կազմակերպութիւն, Հայ Դատի Պելճիքայի յանձնախումբը նամակի աւարտին յոյս յայտնած է, որ եւրոպական եւ դեմոկրատ երկիր Պելճիքան չ՝ենթարկուիր ազրպէյճանի քարիւղային բռնատիրութեան։ Յանձնախումբը կ՝ակնկալէ, որ ազրպէյճանի անարգալից վերաբերմունքի այս դրսեւորումը անպատասխան չի մնար եւ Պելճիքայի կառավարութիւնը անհրաժեշտ միջոցներ կը ձեռնարկէ՝ ցոյց տալու իր անհամաձայնութիւնը։
Comments are closed.