«Ժողովուրդիս Հետ, ժողովուրդիս համար»

Հայ Օգնութեան Միութիւնը երկար տարիներ եղած է Հայ ժողովուրդի կողքին ի սփիւռս աշխարհի եւ որպէս մարդասիրական կազմակերպութիւն յաճախ սատար կանգնած է նաեւ օտար բարեսիրական կազմակերպութիւններու՝ ըստ կարիքի: Անոր հսկայ եւ բեղուն աշխատանքը բացայայտելու եւ աւելի մեծ թիւով անդամներ ներգրաւելու միտումով, ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, հետեւելով Շրջանային վարչութեան ուղղութիւններուն, նախաձեռնեց «ԲԱՐԵԿԱՄ ՄԸ ՀՐԱՒԻՐԷ» ծրագիրը: Ուստի, Երեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Ս.Յակոբ Ազգ. վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ, առիթ ընծայեց ոչ անդամներուն ներկայ գտնուելու մասնաճիւղի անդամական Բ. ժողովին:

Ատենապետուհիին՝ ընկհ. Թամար Եաղճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ներկաները մեծ հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան «Power Point»-ով պատրաստուած մասնաճիւղին երկար տարիներու աշխատանքին եւ ձեռնարկներուն, զոր ներկայացուց ընկհ. Անի Թորիկեան Պապիկեան: Ապա, տեղի ունեցաւ 13 նորագիրներու Երդման Արարողութիւն:

Երդման Արարողութեան Կնքամայրը՝  ընկհ. Հուրի Զաքարեան շնորհաւորեց եւ գնահատեց երդուեալ անդամները, որոնք սիրայօժար փափաքած էին անդամակցիլ եւ իրենց ներդրումը բերել ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի առաքելութեան ընդմէջէն:

«Ժողովուրդիս Հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսը պիտի շարունակուի եւ արդիւնաբերուի մեր անդամներուն նուիրումով եւ քաջալերանքով:

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.