Ժոլի. «Գանատան Կ՛աջակցի Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան»
633
0
Գանատան կ՛աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին հետ Հոկտեմբեր 25-ին մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին:
Անոր համաձայն, Գանատան կանգնած է Հայաստանի ժողովուրդի կողքին` աջակցելով անոնց գերիշխանութեան ու անկախութեան:
«Մենք կը հաւատանք ձեր ժողովրդավարական ձգտումներուն եւ պատրաստ ենք այս ուղղութեամբ աշխատանքները խորացնելու:
«Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք յարգելու Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու վերադարձի իրաւունքը», ըսաւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարը:
Նշենք, որ նոյն օրը, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի դեսպանատան բացման պաշտօնական արարողութիւնը:
Comments are closed.