Թուրքիոյ Քրտական Երկու Կուսակցութիւններ Կը Դատապարտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը
- (0)

Թուրքիոյ խորհրդարանական քրտամէտ Ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (ՏԵՄ) ապրիլ 24-ին առնչուած ուղերձ յղած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Պիանեթ»-ը:
ՏԵՄ կուսակցութիւնը դատապարտած է 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան գործադրած Հայոց ցեղասպանութիւնը, պահանջած առերեսուիլ պատմական իրականութեան հետ եւ վնասուածներէն ներողութիւն խնդրել:
Քրտական այլ կուսակցութիւն մը` Ժողովրդավարական շրջանները (ՏՊՓ) իր կարգին դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը իր յայտարարութեան մէջ` նշելով, որ ճիշդ 110 տարի առաջ, ապրիլ 24-ին 235 հայ մտաւորականները մահուան ուղարկելով սկսած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: