«Թուրքիոյ Մնայուն Սադրանքները Անթոյլատրելի Են» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան իր գերմանացի եւ լեհ պաշտօնակիցներուն հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մնայուն սադրիչ գործողութիւնները անթոյլատրելի են: Այս մասին կը հաղորդէ «Լը Ֆիկարօ»-ն:
«Պէտք է նշել, որ Թուրքիան մշտապէս սադրիչ գործողութիւններու կը ձեռնարկէ, ինչ որ անթոյլատրելի է: Մենք կ՛ուզենք, որ Անգարան յստակացնէ իր դիրքորոշումը», ըսած է նախարարը` մեկնաբանելով Թուրքիոյ գործողութիւնները Միջերկրական ծովու արեւելեան մասին մէջ, մասնաւորաբար այն փաստը, որ թրքական նաւը կազի հետախուզման համար վերադարձած է Յունաստանի տարածքային ջուրեր:
Անոր համաձայն, թէեւ Ֆրանսան կարեւոր կը նկատէ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը, սակայն պատրաստ է ուժերու համարժէք հաւասարակշռութիւն հաստատել Անգարայի հետագայ սադրանքներուն պարագային: «Այդ պատճառով գնդակը կը գտնուի թրքական կողմին մէջ», աւելցուցած է ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս իր կարգին նշած է, որ թրքական կողմը մտածելու համար մէկ շաբաթ ունի, այլապէս Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու` դեկտեմբերին նախատեսուած յաջորդ վեհաժողովին Անգարայի դէմ կրնան պատժամիջոցներ հաստատուիլ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ գործողութիւնները դատապարտած է նաեւ Հայաստանը, որ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի Յունաստանի հետ:
Նշենք, որ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր կ՛այցելէ Հայաստան: