Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը բացայայտ աջակցութիւն յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանին՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ շուրջ երկու ժամ տեւած հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է իր ատրպէյճանցի գործընկերոջ հետ, որուն ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին Ուաշինկթըն կատարած վերջին այցելութեան ժամանակ ստորագրուած «Թրամփի Ուղի՝ Յանուն Միջազգային Խաղաղութեան եւ Բարգաւաճման» (TRIPP) շրջանակային փաստաթուղթը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ նախատեսուող յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները։

«Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, մենք կը տեսնենք, որ պարոն Փաշինեան ներկայիս հասարակական կարծիքի հարցախոյզերուն մէջ առաջատար դիրք կը գրաւէ։ Մենք անկեղծօրէն կ’աջակցինք անոր կառուցողական դերակատարութեան եւ կը հաւատանք, որ անոր մօտեցումները պէտք է պահպանուին եւ շարունակուին»,— նշած է Հաքան Ֆիտան։

Ինչ կը վերաբերի TRIPP կոչուած ծրաիգրի շուրջ տեղի ունեցող նոր զարգացումներուն, Ֆիտան ըսած է թէ Ատրպէյճանական կողմի տեսլականը Թուրքիոյ համար կարեւոր է եւ թէ Անգարա ամբողջութեամբ պիտի շարունակէ աջակցիլ Պաքուին այս ուղղութեամբ եւ այլապէս։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ վստահեցուցած է, թէ Անգարան կը ցանկայ, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրուի, ինչպէս նաեւ կարգաւորուին հայ-թրքական յարաբերութիւնները։

«Ե՛ւ Ատրպէյճանը, ե՛ւ Թուրքիան, ինչպէս նաեւ Հայաստանը, ունին այս նպատակին հասնելու անհրաժեշտ կամքը»,— ըսած է Ֆիտան։