Թուրքիոյ ազդեցութիւնը կը ծաւալի տարածաշրջանին մէջ, Սուրիան կրնայ դառնալ Թուրքիոյ դաշնակիցը կամ գործիքը. Հարցազրոյց քաղաքագէտ Եղիա Թաշճեանի հետ

«Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը լիբանանահայ քաղաքագէտ եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս Եղիա Թաշճեանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, կեդրոնանալով Միջին Արեւելքի վերջին քաղաքական զարգացումներուն շուրջ։

Հ.- Միջին Արեւելքի պատմագրութեան մէջ աննախընթաց էր անցնող Դեկտեմբերին Սուրիոյ քաղաքական զարգացումները։ Ասատներու վարչակարգի անկումէն ետք, ի՞նչ պիտի ըլլայ Սուրիոյ հետագայ քաղաքական իրավիճակը։ Արդեօ՞ք Սուրիան պալքանացումի ճանապարհը բռնած է։
Ե.Թ.- Տակաւին կանուխ է եզրակացնելու, որ Սուրիան պալքանացման ճամբան բռնած է, բայց այսօր գետնի վրայ առկայ են 4 ազդեցութեան գօտիներ. առաջինը հարաւային շրջանին մէջ իսրայէլեան ազդեցութեան գօտին է, ուր տուրզիները կը գտնուին. Իսրայէլ արդէն իսկ ներխուժած է կարգ մը քաղաքներ եւ Դամասկոսէն 25 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է:

Հիւսիս-արեւելեան կողմը՝ քիւրտ-ամերիկեան ազդեցութեան գօտին. հոն կայ քրտական կիսանկախ կացութիւն մը, որուն վստահաբար թուրքերը դէմ են, եւ մինչեւ օրս տակաւին բախումներ տեղի կ’ունենան թրքամէտ ուժերուն եւ քիւրտերուն միջեւ:

Թրքական ազդեցութեան գօտին հիւսիս-արեւմտեան շրջաններուն մէջ կը գտնուի, ուր տեղեկայուած են թուրք զինուորներ, ինչպէս նաեւ թրքամէտ սուրիական ազգային բանակը, որոնցմէ շատերը Արցախի պատերազմին մասնակցեցան՝ մեզի դէմ:

Անդին «Թահրիր Ալ Շամ» մարմնի ազդեցութեան գօտին կ’երկարի Իտլիպէն մինչեւ Համա, Հոմս, Հալէպ եւ Դամասկոս:

Ըստ երեւոյթին համաձայնութիւն մը կայ, որ թրքամէտ եւ «Թահրիր Ալ Շամ»ի ուժերը միանան (հակառակ որ ասիկա բաւական մեծ ճիգի կը կարօտէր…): Հարկ է հոս նկատի ունենալ Թուրքիոյ եւ կարգ մը արեւմտեան երկիրներու դիրքորոշումը: Բայց կը կարծեմ, որ առայժմ դժուար է միակամ կամ կեդրոնացեալ իշխանութիւն մը տեսնել Սուրիոյ մէջ:

Հ.- Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն ընթացքին, Թուրքիան ռազմաքաղաքականօրէն մասնակից էր։ Ի՞նչ պիտի ըլլան Սուրիոյ պետութեան եւ Անգարայի ապագայ յարաբերութիւնները։
Ե.Թ.- Անգարայի եւ Սուրիոյ յարաբերութեանց պարագային ես կը տեսնեմ, որ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը կը ծաւալի տարածաշրջանին մէջ եւ չեմ զարմանար, եթէ Սուրիոյ գալիք իշխանութիւնները ռազմական համաձայնութիւն կնքեն Թուրքիոյ հետ, եւ Սուրիան դառնայ Թուրքիոյ դաշնակիցը կամ գործիքը տարածաշրջանին մէջ: Սուրիական ամբողջ սպառազինութիւնը ռմբակոծուեցաւ Իսրայէլի կողմէ, որոնք մեծամասնութեամբ ռուսական զէնքեր էին: Այժմ սուրիական նոր պետութիւնը կամ կառավարութիւնը պարտաւոր է զէնքեր գնել, եւ այդ մէկը հաւանաբար ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ: Նաեւ չեմ զարմանար, եթէ թուրք խաղաղապահ ուժեր տեղակայուին Սուրիոյ եւ Իսրայէլի սահմանին մօտ, Ճոլանի բարձրունքներուն վրայ, եւ կամ թուրք սպաներ մարզեն սուրիացի ապագայ զինուորները, հեռու չէ նաեւ Թուրքիոյ հետախուզական խումբեր աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեն սուրիական տարածքին վրայ:

Ես կը նախատեսեմ, որ Սուրիան պիտի դառնայ Թուրքիոյ դաշնակիցներէն մէկը՝ գոնէ այս անցումային ժամանակաշրջանին: Այս բոլորը սակայն կախեալ են նաեւ սուրիական ներքին զարգացումներէն… թէ իսկապէ՞ս Ահմատ Շարըը (նախապէս՝ Ապու Մոհամմէտ Ալ Ճոլանի) պիտի շարունակէ ղեկավարել պետութիւնը, թէ նոր քաղաքացիական պատերազմի ընդառաջ պիտի յայտնուի Սուրիան:

Հ.- Թուրքիոյ կողքին կարեւոր է նաեւ անդրադառնալ քրտական գործօնին։ Ի՞նչ կացութեան դէմ յանդիման պիտի գտնուին Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ քիւրտերը կամ քրտական զինեալ խմբաւորումները։
Ե.Թ.- Ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը (900 զինուորի մասին կը խօսինք) իր դերակատարութիւնը ունի այս հարցի գծով. ամերիկացիները փորձեցին զինադադար մը կնքել թրքամէտ ուժերուն եւ քիւրտերուն միջեւ, սակայն թրքամէտ ուժերը խախտեցին այդ բոլորը, որովհետեւ այս հարցը Թուրքիոյ համար ազգային անվտանգութեան խնդիր է: Այսինքն եթէ հոն քրտական իշխանութիւն մը ստեղծուի, ինչպէս որ կայ Իրաքի մէջ, այդ մէկը կը նշանակէ, որ ապագային կրնայ Թուրքիոյ մէջ եւս քիւրտիստան մը մէջտեղ գալ, հետեւաբար Թուրքիոյ համար կարմիր գիծ է այս եւ ջանք պիտի չխնայէ իր դաշնակիցներուն վրայ ճնշում բանեցնելու, որ որեւէ քրտական նոր իշխանութիւն չհիմնուի շրջանին մէջ:

Հետեւաբար ես մտավախութիւն ունիմ, որ մօտիկ ժամանակաշրջանին թրքամէտ ուժերը յարձակում գործեն՝ վերջ դնելու համար քրտական հարցին, սակայն հոս առկայ է նաեւ ամերիկայի դիրքորոշումը: Ամերիկա չի կրնար լուռ մնալ, երբ իր լծակներէն մէկը (քրտական գործօնը) քաղաքական դաշտէն հեռացուի: Նաեւ Իսրայէլի համար կարեւոր է քրտական գործօնը, որովհետեւ այդ մէկը այն օղակն է, որով կ’իրականացնէ «բաժնէ, որ տիրես»ի քաղաքականութիւնը, ինչպէս որ ըրաւ Իրաքի մէջ: Հետեւաբար չեմ կարծեր, որ Իսրայէլ չէզոք պիտի մնայ, եթէ տեսնէ քրտական կիսանկախ շրջանի փլուզում:

Միւս կողմէ, եթէ քաղաքական կամք կայ, որ Թուրքիոյ քաղաքական եւ ռազմական վերելք ապրող ազդեցութիւնը սահմանափակեն, չեմ զարմանար, որ իրանեան եւ ամերիկեան կողմը սկսին աջակցիլ քրտական խմբաւորումներու հետ: Ժամանակին Իրանի եւ քիւրտ խմբաւորումներու միջեւ ինչպէս որ եղած են բախումներ, եղած է նաեւ գործակցութիւն, եւ ես կը տեսնեմ այդպիսի ազդանշաններ, որովհետեւ Իրան դարձեալ կ’ուզէ մուտք գործել Սուրիա եւ հոն իր տնտեսական շահերը չկորսնցնել:

Հ.- Սուրիոյ ռազմաքաղաքական դէպքերուն նախորդած էր Լիբանան-Իսրաէյլ բախումները։ Յստակ է, որ տարածաշրջանին մէջ Իրան-Սուրիա-Հըզպալլա առանցքը ահարկու հարուած ստացաւ։ Ի՞նչ պիտի ըլլան հետագայ զարգացումները այս գետնի վրայ։
Ե.Թ.- Շատ յստակ նպատակ կայ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի ռազմական թեւերը տկարացնելու կամ ոչնչացնելու: Այսինքն դիմադրութեան դաշինքը, այսօր գրեթէ գոյութիւն չունի կամ շատ տկարացած է:

Կազայի մէջ թէկուզ որոշ դիմադրութիւն կայ, բայց Համասի մարտական թեւը գրեթէ ոչնչացած է, ղեկավարութիւնը սպաննուած, Կազան ամբողջութեամբ քանդուած, աւելի քան 45 հազար հոգի նահատակուած, եւ ասոնք պաշտօնական թիւերն են, իրականութեան մէջ թիւերը կրնան շատ աւելին ըլլալ: Համասի զինեալներէն մեծ թիւ մը սպաննուած է, եւ ան այլեւս կարելիութիւնը չունի հրթիռներ արձակելու, ինչպէս որ ըրաւ Հոկտեմբեր 2023-ին:
Նոյնն է Հըզպալլայի պարագան. Հըզպալլան կորսնցուց իր առաջնագիծի ղեկավարութիւնը, իր քարտուղարը, հետախուզական թեւի ներկայացուցիչները կամ ղեկավարները, մարտական թեւի ղեկավարները, առաջնագիծի վրայ բաւական տկարացած է եւ այլեւս ի վիճակի չէ շարունակելու պատերազմը, հետեւաբար գնաց զինադադարի:

Այն ինչ որ Իսրայէլ չկրցաւ ռազմական գետնի վրայ իրագործել, այսօր դիւանագիտական միջոցներով պիտի փորձէ իրականացնել՝ ճնշում բանեցնելով Հըզպալլայի վրայ: Սուրիական ռեժիմի տապալումը յստակ պատգամ մըն է, որ նաեւ կտրեց Իրանէն դէպի Լիբանան, Սուրիոյ միջոցով զէնքի մատակարարումը: Այսինքն հոս Հըզպալլան մեկուսացաւ Միջին Արեւելքի կամ տարածաշրջանին մէջ: Միւս կողմէ Իսրայէլ հութիները հարուածեց 2 օր առաջ, իրաքեան կարգ մը միլիշիաներ հարուածեց եւ վերջ ի վերջոյ պիտի հասնի Իրան:

Տեսէք, Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահու շատ յստակ կերպով ըսաւ, երբ զինադադար կնքուեցաւ Լիբանանի հետ. իմ նպատակս է օձին գլուխը կտրել, եւ իրեն համար օձին գլուխը Իրանն է: Հետեւաբար կը նախատեսեմ ռազմական յարձակում Իրանի վրայ, սակայն այս մէկը նաեւ կախեալ է Ամերիկայի դիրքորոշումէն: Նաեւ կարելի է նախատեսել Իրանի մէջ ներքին ընկերային պայթում մը. տնտեսական վիճակը ծանր է, պատժամիջոցներ կան, եւ դժգոհ ժողովուրդը կ’ակնկալէր, որ նոր իշխանութիւնները որոշ բարենորոգումներ կատարեն կամ Արեւմուտքին հետ լեզու գտնեն: Ըստ երեւոյթին տակաւին նման բան չիրագործուեցաւ, ինչ որ հաւանական կը դարձնէ Իրանի մէջ ընկերային կամ տնտեսական-քաղաքական դրդապատճառներու մղումով բախումներ կատարուին: Այդ պարագային կա՛մ ռեժիմը պիտի փլուզուի, զոր տակաւին չեմ նախատեսեր, կա՛մ ծանր զիջումներու պիտի ստիպուի երթալ Իրանի ներկայ իշխանութիւնը:

Հ.- Արդէն իսկ տարիներէ ի վեր տնտեսական սուր ճգնաժամի մէջ գտնուող Լիբանանի հայ համայնքը յետ-պատերազմեան այս հանգրուանին ի՞նչ կացութիւն կը պարզէ։
Ե.Թ.- Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային վիճակը, ինչպէս նաեւ անորոշ ապագան բաւական մտահոգիչ են: Այսօր գաղութին թիւը որոշ չափով նուազած է, մեր կառոյցները դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին, ոչ միայն տնտեսական, այլ նաեւ մարդուժի պակասի, սակայն հետաքրքրականը այն է, որ գաղութը տակաւին կազմակերպուած է, հայ աշակերտներ իրենց դպրոցները կը յաճախեն եւ միութենական աշխատանքները կը շարունակուին: Յուսահատութիւն կայ, բայց յուսախաբութիւն՝ ոչ, այս մէկը շատ կարեւոր է այս հանգրուանին:

Անսակարկելի է, որ Լիբանանի գաղութը կարեւոր դեր կը խաղայ Միջին Արեւելք կամ արաբական աշխարհ եւ Հայաստան յարաբերութիւններու ծիրէն ներս: Մենք յաճախ կը լսենք, որ Լիբանանի ժողովուրդը հայրենիք պէտք է տեղափոխուի: Իւրաքանչիւր անհատ ազատ է իր որոշումը կայացնելու, բայց մեր ցանկութիւնը այն է, որ Լիբանանէն հեռացողները իրենց սլաքը ուղղեն դէպի հայրենիք:

Ամէն մէկը ունի իր պարագաները, ոմանք կը գաղթեն, ոմանք ալ կառչած կը մնան այս գաղութին, որ տակաւին կը գոյատեւէ եւ իր ողջ կարողութիւններով առաւելագոյնը կու տայ՝ սերունդը դաստիարակելու: Այս գաղութը մարդուժ պատրաստելու կռուաններէն մէկը եղած է եւ միշտ ալ այդպէս պիտի ըլլայ, բայց նաեւ աջակցութեան կարիքը ունի, մանաւանդ մեր կրթական հաստատութիւնները, որպէսզի շարունակեն հայեցի դաստիարակութեան իրենց առաքելութիւնը, բան մը՝ որ այս ժամանակաշրջանին շատ կարեւոր է:

Comments are closed.