Թուրքիա F-16 կործանիչներ տեղակայեց Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ

Թուրքիա յայտարարեց, թէ վեց հատ F-16 կործանիչ օդանաւեր եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր տեղակայուած են ինքնահռչակ «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան» մէջ։

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութեան մը մէջ նշեց, թէ որոշումը առնուած է շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ եւ կը միտի փուլային կերպով ուժեղացնելու Հիւսիսային Կիպրոսի անվտանգութիւնը։ Նախարարութիւնը աւելցուց, թէ անհրաժեշտութեան պարագային լրացուցիչ միջոցառումներ ալ կրնան ձեռնարկուիլ՝ կախուած զարգացումներէն։

Թրքական կողմի սոյն որոշումը հիմնուած է այն տեղեկութիւններուն հիման վրայ, ըստ որոնց՝ իրանեան հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր հարուածած են Կիպրոսը, ներառեալ Աքրոթիրիի մէջ գտնուող բրիտանական թագաւորական օդուժի ռազմակայանը։

Միեւնոյն ժամանակ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էսմայիլ Պաղայէ յայտարարեց, թէ Իրանի զինուած ուժերը յարձակում չեն գործած ոչ Ազրպէյճանի, ոչ Թուրքիոյ եւ ոչ ալ Կիպրոսի դէմ։ Ան շեշտեց, որ Իրանի պաշտպանական գործողութիւնները պէտք չէ մեկնաբանուին որպէս թշնամութիւն շրջանի որեւէ երկրի նկատմամբ։

Պաղայէ նաեւ նշեց, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ վերահաստատելով, թէ Նախիջեւանի ուղղութեամբ արձակուած անօդաչու սարքերուն հետ Թեհրան որեւէ առնչութիւն չունի։

Յիշեցնենք, որ փետրուար 28-ին Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները օդային հարուածներ իրականացուցին Իրանի դէմ, որոնց հետեւանքով սպաննուեցաւ Իրանի գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամենէին։ Իրանը պատասխանեց հարուածներով՝ ուղղուած Իսրայէլի եւ Ծոցի այն երկիրներուն դէմ, որոնք կը հիւրընկալեն ամերիկեան ռազմակայաններ։