«Թուրքիան Պէտք Էր 1915-ի Համար Հայերէն Ներում Հայցէր». Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար

Horizon Weekly Newspaper

Թուրքիոյ նախկին փոխվարչապետ, նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախկին նախագահ Հիքմեթ Չեթին զգայացունց յայտարարութիւն կատարած է:

Ան թրքական «Արթիկերեճեք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է հասարակութեան ներկայացնէին Տերսիմի կոտորածներն ու 1915-ի դէպքերը:

Ան նշած է, թէ պետութիւնը պէտք էր նշէր, թէ շատ տխրեցնող դէպքեր տեղի ունեցած են, եւ ներում հայցէր:

Հիքմեթ Չեթին յիշեցուցած է, որ իբրեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար իր պաշտօնավարման ժամանակ Հայաստանը անկախացած է, եւ Թուրքիան առաջին երկիրներէն եղած է, որ ճանչցած է Հայաստանի անկախութիւնը: