Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Հրայր Մարուխեանի նուիրուած յուշ-երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին, Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի Համազգայինի թատերասրահէն ներս տեղի ունեցաւ ընկ. Հրայր Մարուխեանի մահուան 20-ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոյ, ներկայութեամբ՝ Գերաշնորհ Տէր Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեանի, ՀՅԴ Գանատայի ԿԿ ներկայացուցիչին, «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչին, ՍԴՀԿ Թորոնթոյի վարչութեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութեան, Հայ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչներու, Ազգային երեսփոխաններու, թորոնթոհայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, դաշնակցական ընկերներու, համակիրներու եւ մեծաթիւ հրաւիրեալներու:
Դրան մուտքին յայտագրին հետ միասին ներկաներուն բաշխուեցան «Հայ դատի պայքարին եւ դէպի երկիր երթին դաշնակցական դրօշակիրը» խորագրով գրքոյկներ: «Անկեղծ զինուոր»ի՝ ընկ. Հրայր Մարուխեանի վաստակին ու կեանքի կարեւոր հանգրուաններուն մասին խօսքեր, վկայութիւններ եւ դամբանականներ ամփոփող վերոնշեալ գրքոյկը պատրաստուած էր յանձնախումբի ընկերներուն ջանքերով:
Օրուան հանդիսավարները՝ ընկհ. Բալիկ Ճապաղջուրեան խշուաճեան եւ ընկ. Ռազմիկ Պէպէճեան, յուշ-երեկոն բացուած յայտարարեցին ՀՀ եւ Գանատայի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Այնուհետեւ ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը ՀՅԴ-ի անզուգական ղեկավար ընկ. Հրայր Մարուխեանի:
Ընկհ. Բալիկ Ճապաղջուրեան, բարի գալուստի խօսքէն ետք հրաւիրեց ընկ. Ռազմիկ Պէպէճեանը կատարելու համար բացման խօսքը: Ընկ. Ռազմիկ իր բացման խօսքով նշեց. «Ընկ. Հրայր Մարուխեան օժտուած էր մտաւորականի եւ քաղաքական գործիչի բարձր յատկութիւններով: Աստուածատուր ղեկավարի բոլոր յատկանիշներն ու շնորհները իր մօտ զարդարուած էին անընկճելի կամքով: Երիտասարդ տարիքէն աչքի ինկած էր իր քաղաքական վերլուծական անսահման տաղանդով: Վերջապէս ան բոլորին ծանօթ էր իր կազմակերպական անհատնում ընդունակութիւններով: Ահա թէ ինչո՛ւ ընկ. Հրայր Մարուխեան հանդիսացաւ դաշնակցութեան 25 տարուան առաջնորդը ու անոր բոլորանուէր եւ անմնացորդ նուիրեալը»: Ապա յայտնեց. «Հրայր Մարուխեանի անուան հետ ուղղակի աղերս ունի դաշնակցական գաղափարական սերնդափոխութեան գործընթացը: Իր մտքի թռիչքներուն արգասիքը կը հանդիսանան Հայ դատի ի նպաստ քաղաքական լոպիինկի աշխուժացումը ու անոր ուժային պայքարի շղթայազերծումը: Հրայր Մարուխեանին ու իր սերնդակից գործընկերներուն կը պարտինք ՀՅԴ-ի կազմակերպական հզօրացումը, ինչպէս նաեւ հաւաքական մտածողութեան, հաւաքական ղեկավարման եւ հաւաքական պատասխանատուութեան սկզբունքներու մարմնաւորումը»: Ան իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ. «Ընկ. Հրայր Մարուխեան իր կեանքով ու գործով շեշտադրեց Հայաստանն ու սփիւռքը իրարմով ամբողջացնելու գաղափարն ու սկզբունքը: Ան գործեց այդ գիտակցութեամբ եւ իր շրջապատը համակեց այդ գաղափարով»:
Ապա, ընկհ. Բալիկ ներկայացուց ընկ. Հրայր Մարուխեանի կենսագրական հիմնական գիծերը:
Ցուցադրուեցաւ «Մեծ հայը, դաշնակցականի ճառագայթող դէմքով» տեսերիզը, ուր մէկտեղուած էին ընկ. Հրայր Մարուխեանի ելոյթներէն բաժիններ, որոնցմէ 1992-ին Հալէպի մէջ տեղի ունեցած ելոյթը առաջին անգամն էր, որ կը սփռուէր: Տեսերիզը կ’ընդգրկէր նաեւ՝ Հայաստանի մէջ կայացած ժողովրդային յուղարկաւորութիւնէն պատկերներ, որոնք կու գային վկայելու Մարուխեանի յարգուած անձնաւորութիւն մը եւ քաղաքական ճանչցուած գործիչ մը ըլլալուն հանգամանքը՝ Հայաստանի բոլոր քաղաքական հոսանքներու ներկայացուցիչներու կողմէ: Տեսերիզը բծախնդրօրէն եւ հմտութեամբ համադրած էր ընկ. Գօգօ Պէպէճեան:
Հոյլ մը երիտասարդ նոր ուժեր, դաշնակցական պատանի-պարմանուհիներ՝ Հրակ Գարամարտեան, Լոռի Արամեան, Լոռի Պէրպէրեան, Նաթալի Ղազարեան եւ Ալիք Պապօղլեան, ասմունքեցին Վտարանդիի (Արամ Չարըգ) «Վիտոշի Բազէն» եւ «Դաշնակցութեան» քերթուածներէն, ինչպէս նաեւ Ռուբէն Զարդարեանի «Պահակները արթուն են» արձակ գրութենէն համադրում մը: Անոնք գրական խոր ընկալումով եւ արուեստի բարձր ճաշակով ներկաներուն սրտերը յուզումնախառն եւ ոգեւորիչ ապրումներով համակեցին: Յայտագրի այս բաժինը համադրած ու պատրաստած էր տիկ. Բէկի Աւընեան Պապօղլեան:
Գանատայի Հայոց Թեմի Հայրապետական ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Սուրէն Սրբ. Գաթարոյեանի Մարուխեանին առնչուող վկայութիւններն ու յուշերը ներկաներուն փոխանցուեցան տեսերիզով մը: Սրբազան Հայրը ներկաները ողջունելէ ետք խօսեցաւ զանազան առիթներով Հրայր Մարուխեանի հետ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին: Անոնցմէ ամենէն յատկանշականն էր հետեւեալը.
«Հրայր Մարուխեան Տէր Զօրէն Գամիշլի ճանապարհորդութեան ընթացքին, իրեն ընկերակցող յանձնախումբին հետ, ճանապարհային շինարարութեան համար փորուած հողերու կոյտին մէջ մեծ թիւով աճիւններ կը գտնէ. այդ աճիւնները կը վկայէին, որ 1915-ին հազարաւոր հայեր ջարդուելով իրենց մահկանացուն կնքած էին այնտեղ: Հրայր Մարուխեան Հալէպ վերադարձին ըսաւ. «Սրբազա՛ն, կը յանձրարարեմ, անպայմանօրէն, այդ բլրակին վրայ յուշարձան մը կանգնեցնել, որպէսզի օտարներ տեսնեն, զգան, ճանչնան թուրքին կատարած ոճիրը հայերուն նկատմամբ»: Ես արդարացի գտայ Հրայրին թելադրութիւնը եւ յետագային այնտեղ կառուցուեցաւ Մարկատէի մատուռը»:
Ապա բեմ բարձրացաւ այս առիթով Թորոնթօ հրաւիրուած, Արցախեան ազատագրահան պայքարի ազատամարտիկ, ազգային, յեղափոխական եւ ռազմա-հայրենասիրական երգերու մեկնաբան Մկրտիչ Մկրտիչեան (Մակիչ): Ան «Քեռիի յիշատակին» եւ «Ա՜խ, հայրենիք» յեղափոխաշունչ երգերով, իր իւրայատուկ ձայնով եւ խոր ապրումներով հրապուրեց, յուզեց, միաժամանակ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց: Դաշնամուրի վրայ երգեցողութեան կ’ընկերակցէր ընկ. Վրէժ Ղազարեան:
Շարունակելով յայտագիրը, ընկ. Ռազմիկ Պէպէճեան հակիրճ կենսագրական գիծերու ներկայացումէ ետք, բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս, հանրային-կուսակցական գործիչ ընկ. Խաժակ Մկրտիչեանը: Յարգելի բանախօսը ընկ. Հրայր Մարուխեանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նորագոյն պատմութեան անկրկնելի ղեկավարներէն մէկը ըլլալը շեշտելէ ետք ըսաւ. «Ընկ. Հրայր Մարուխեանի առաջնորդութամբ Հայ դատի աշխատանքները, ոչ միայն ծաւալի առումով ընդարձակուեցան, այլ անոնց հաղորդուեցաւ նոր որակ ու բովանդակութիւն: Քարոզչական ու ոգեկոչական աշխատանքերուն աւելցաւ քաղաքական ու լոպիստական նոր ճիգ: Հայ դատի գրասենեակներ եւ յանձնախումբեր սկսան գործել Դաշնակցութեան կառոյցին կից: Վճռուած էր Հայ դատին շուրջ ստեղծուած լռութեան պատը քանդել՝ քարոզչական, քաղաքական նաեւ ցուցական բոլոր միջոցներով»: Ապա ան խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Սիրելի՛ ներկաներ,այսօր եւս հակադաշնակցական մոլուցքը չէ մարած, բայց քանի որ ունեցած ենք Հրայր Մարուխեանի նման մարտունակ ղեկավար, ինչպէս անցեալին ձախողած են Դաշնակցութիւնը պառակտելու բոլոր փորձերը, ես համոզուած եմ, որ Հրայր Մարուխեանի ոգիով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր անխափան երթը»:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՀՅԴ-ի «Մշակ բանուոր» քայլերգով:
Յուշ-երեկոյի պաշտօնական հանդիսութենէն ետք, յայտագիրը շարունակուեցաւ Հայ կեդրոնի սրահէն ներս ազգային-յեղափոխական երգերու խրախճանքով:
Խրախճանքին բացումը կատարեց հալէպահայ սիրուած երգիչ ընկ. Սագօ Թաշճեան, ապա հրաւիրեց հերոս երգիչ, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, ազատամարտիկ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեանը (Մակիչ): Անոնք փոխն ի փոխ երեկոն խանդավառեցին իրենց ազգային-յեղափոխական երգերով: Մակիչ իւրախանչիւր երգի սկիզբը իր պատումներով կ’ոգեւորէր ներկաները: ՔԵՄ-ականները շրջապատուած՝ դրօշակներ ծածանելով եւ միասնաբար երգելով առաւել եւս կը ճոխացնէին մթնոլորտը:
Աւելի քան 400 համակիրներ եւ դաշնակցական ընկերներ, ազգային վառ ապրումներով եւ մեծ խանդավառութեամբ ընկերակցեցան ազգային յեղափոխաշունչ երգերուն եւ անմոռանալի երեկոյով մը յիշատակեցին Հրայր Մարուխեանի ու իր ընկերներուն կեանքն ու վաստակը, վերակենդանացուցին ազգային-ազատագրական կռուի մեր հերոսները եւ Հայաստանի ու Հայ դատի «անկեղծ զինուոր»ներու անմեռ յիշատակը:
Բէկի Աւընեան Պապօղլեան