Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ընդունելութիւնը
- (0)

Կիրակի, 11 Յունուարին Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան զոյգ տօներուն առթիւ, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ամանորեայ ընդունելութիւնը, քաղաքական հիւրերու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։
Ձեռնարկին ներկայ էին դաշնակցային խորհրդարանի եօթը անդամներ, որոնց շարքին՝ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան ատենապետ՝ Մայքըլ Քութոյ, եւ երեսփոխաններ՝ Ռօպ Օլիֆանդ, Ալի Էհսասի, Մակի Չի, Մայքլը Մա, Աննա Ռօպէրթս եւ Վինսէնթ Հօ։ Նահանգային կառավարութիւնն ու խորհրդարանը կը ներկայացնէին Օնթարիոյի քաղաքացիութեան եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար՝ Կրահամ Մքկրէկոր եւ երեսփոխաններ՝ Արիս Պապիկեան, Լոկան Քանաբաթի, Շարիֆ Սապղաուի, Ռօպ Սիրճանըք, Ճոնաթան Թսաօ, Ատիլ Շամճի եւ Անտրէա Հազէլ։ Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Թորոնթոյի, Մարքամի եւ Ռիչմընտ Հիլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող քոյր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավարուհի էլիզապէթ Գանտահարեան, որ յանձնախումբին անունով ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան եւ անվերապահ աջակցութեան համար։ Գանտահարեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անցնող մէկ տարուան ընթացքին հայ դատի ուղղութեամբ տեղի ունեցած զարգացումներուն, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով արցախահայութեան դիմագրաւած կենսական դժուարութիւններն ու հաւաքական իրաւունքներու վերատիրացման հրամայականը։ Ան նշեց, որ հակառակ խաղաղութեան բանակցային գործընթացի հոլովոյթին, արցախայութեան իրաւունքները կը շարունակեն անտեսուիլ, մինչդեռ Պաքուի մէջ բանտարկուած կը մնան հայ ռազմագերիները, եւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութիւնը ամէնօրեայ աղաւաղումի կ՚ենթարկուի Ատրպէյճանի կողմէ։ Այս բոլորին ու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող նոյնքանով մտահոգիչ զարգացումներուն ի տես, Գանտահարեան յանձնախումբին անունով կոչ ուղղեց ընտրեալ պաշտօնատարներուն ըլլալ աչալուրջ եւ շարունակել այս հարցերու ուղղութեամբ բարձրաձայնել Գանատայի մէջ եւ միջազգային հարթակներու վրայ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ տեղական մակարդակի վրայ տարուող աշխատանքներուն եւ քաղաքացիական պարտականութեանց ուղղութեամբ հայ համայնքի յանձնառութեան եւ ներդրումին մասին։
Ապա, յաջորդաբար խօսք առին դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական ներկայացուցիչները, որոնք վեր առնելով հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը, յատուկ կերպով անդրադարձան հայ համայնքը յուզող հարցերուն, յայտնելով իրենց աջակցութիւնն ու գնահատանքը։
Աւանդութիւն դարձած սոյն ձեռնարկը իւրայատուկ առիթ մը ստեղծեց Թորոնթոյի մէջ յանձնախումբի յարաբերական աշխատանքներու խթանման եւ հայ դատի քաղաքական առաջնահերթութիւններու յառաջխաղացման ի խնդիր։