Թորոնթոյի մէջ միջ-յարանուանական ոգեկոչում Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի
- (0)

Ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի միջ-յարանուանական մարմնի կազմակերպած Ս. եւ Անմահ Պատարագը, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։
Պատարագին ներկայ էին Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Տաթեւ Աւ. Քհն. Միքայէլեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդական փոխանորդ Արժ. Տէր Զարեհ Աւ. Քհն. Զարգարեան եւ հովիւի օգնական Արժ. Տէր Հայարի Քհն. Թանաշեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Հայկ Քհն. Շահինեան եւ Հայ Աւետարանական համայքի հովիւ Պատուելի Զոհրապ Սարգիսեան, պատկան մարմիններու եւ համայնքային միութիւններու տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչներ եւ Թորոնթոյի հաւատաւոր ժողովուրդը։
Պատարագը մատուցեց Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, որուն հաւատացեալ ժողովուրդը երկիւղածութեամբ հետեւեցաւ եւ մասնակից դարձաւ աղօթքին։
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ս․ Սահակ եւ Ս. Մաշտոց Ազգային Շաբաթօրեայ վարժարանի երգչախումբի աշակերտները հանդէս եկան փունջ մը հայրենասիրական երգերով։
Օրուան պատգամաբերն էր Արժ. Տէր Հայկ Քհն. Շահինեան, որուն խօսքի աւարտին, հոգեւորականներու, Սարկաւագաց, Դպրաց դասի նաեւ հաւատաւոր ժողովուրդի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց եկեղեցւոյ շրջափակի յուշարձանին շուրջ, ապա տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
ՀՈՒՐԻՆԱ
«Հորիզոն»
Լուսանկարները՝ Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաք. եկեղեցւոյ