Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի Լափոյեան Երկրորդական վարժարանի 13-րդ հունձքը
Հ.Օ.Մ.-ի Լափոյեան Երկրորդական վարժարանի 13-րդ հունձքի աւարտական հադէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 16 Յունիս, 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» Թատերասրահին մէջ:
Ներկայ էին Գանատայի Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեան, Հոգեշնորհ Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեան, Վարժարանի Կրթական մարմնի ատենապետ՝ Սեւակ Քիւփէլեան, Տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, ծնողներ, հարազատներ եւ բարերարներ:
Արարողութիւնը բացուեցաւ 22 շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով: Անոնք բեմ բարձրացան եւ Գանատայի ու Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներէն վերջ գրաւեցին իրենց տեղերը:
Հանդիսավարները հրաւիրեցին երեք աշակերտներ ընթերցելու հրաժեշտի եւ երախտիքի խօսքը: Արազ Տէր Օհան Հայերէն, Րէմի Կրկէս Անգլերէն եւ Դաւիթ Դաւիթեան Ֆրանսերէն լեզուներով իրենց եւ դասընկերներու անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին ծնողներուն, ուսուցիչներուն, Տնօրէնութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք օգնած են իրենց հասնելու կեանքի այդ կարեւոր հանգրուանին: Արազ իր ուղերձին մէջ գրած էր. «Կեանքի ընթացքին շատ դժուարութիւններ պիտի ունենանք, ըլլայ համալսարանի մէջ, կամ գործի մէջ, բայց վստահ եմ, թէ պիտի կարենանք դիմադրել, որովհետեւ այս դպրոցը հոյակապ ձեւով պատրաստած է մեզի։»
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Վարժարանի տնօրէն Դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեան: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները, անոնց ծնողները եւ բոլոր ներկաները եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց ներկայ ժամանակաշրջանին լաւագոյն ուսում ստանալու կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը:
Վարժարանի Կրթական Մարմնի կողմէ խօսք առաւ Պրն. Ալֆրէտ Պօղոսեան: Ան ամփոփ ձեւով ներկայացուց 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին Կրթական Մարմնի կատարած աշխատանքները եւ շնորհաւորեց ներկաները:
Ապա Տնօրէնի հրաւէրով բեմ բարձրացան բոլոր ուսուցիչները, եւ կատարուեցաւ վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխման արարողութիւնը:
Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Գերաշնորհ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեան, ան շնորհաւորեց բոլորը այդ բացառիկ առիթով, իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ շրջանաւարտներուն եւ աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը: