Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Տոհմիկ Օր Նուիրուած՝ Հայոց Թագաւորական տոհմերուն
Կազմակերպութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին, Շաբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 25-րդ Տոհմիկ Օրը, որ կը զուգադիպէր նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին: Հետեւաբար, Տոհմիկ Օրը նուիրուեցաւ Հայոց Պետականութեան հիմքը հանդիսացող Թագաւորական տոհմերուն՝ Ուրարտական կամ Վանի թագաւորութեան, Արտաշէսեան, Արշակունեաց, Բագրատունեաց եւ Կիլիկիոյ թագաւորութեանց:
Ներկայ էին Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Հոգշ. Տէր Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէքեան, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս պրն. Արա Մկրտչեան, Օնթարիօ նահանգի Խորհրդարանական երեսփոխան պրն. Արիս Պապիկեան եւ 400-է աւելի հաշուող հոծ բազմութիւն:
Հայ Կեդրոնի սրահը պատշաճօրէն զարդարուած էր. սրահի դուրսի բաժնի պատին վրայ տեղադրուած էր Հայաստանի քարտէսը՝ եզերքը բոլորուած հայոց 15 թագաւորներու պատկերներով, անոր քով զետեղուած պաստառին վրայ պատկերուած էին հինգ թագաւորութիւններու զինանշանները:
Սրահին մուտքին զետեղուած էր յաղթանակի կամար մը վրան Արտաշէսեան զինանշանով եւ յաւերժութեան նշանով: Սրահին պատերը եզերուած էին Էրեբունի բերդի պատի որմնանկարի երիզի պատկերով, իսկ բեմին պատին վրայ ուղղահայեաց իջած էին հինգ պաստառներ, իւրաքանչիւրը ներկայացնելով արքայական տոհմերէն մէկուն զինանշանը եւ ետեւի հեռանկարով՝ Մեծ ու Փոքր Մասիս լեռները:
Սեղաններուն կեդրոնը զետեղուած էր փայտի վրայ փորագրուած Հայաստանի զինանշանը եւ Օպսիդաքարի (Obsidian) վրայ դրօշը, որոնք Երեւանէն բերուած էին յատկապէս այդ օրուան համար: Սրահին մէկ անկիւնը յատկացուած էր թագաւոր- թագուհիներու նկարներու եւ Հայաստանէն բերուած իրերու ցուցադրութեան: Սեղան մըն ալ տրամադրուած էր Տոհմիկ Օրերու առթիւ հրատարակուած բոլոր գիրքերու ցուցադրութեան:
Հայկական տարազ հագած անդամներ սրահի մուտքին հրամցուցին բալով պատրաստուած խմիչքը եւ ընկոյզով լեցուած արմաւներ: Իսկ սեղաններուն վրայ իւրաքանչիւր անձի համար տրամադրուած էր Հայաստանի դրօշով եւ զինանշանով պատրաստուած կուրծքի զարդասեղ մը:
Այս տարի կրկին գիրքի յանձնախումբը եւ ենթայանձնախումբը, երկար ամիսներու ուսումնասիրութիւններէ ետք, բծախնդիր աշխատանքով պատրաստած էին հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բովանդակալից եւ պատկերազարդ գիրք մը, որ ամփոփ ձեւով կը ներկայացնէր հայ ազգի ծագումին եւ հայոց արքայական տոհմերու 4000 տարուան հարուստ պատմութիւնը: Գիրքին խմբագրական կազմը կը բաղկանար երեք անդամներէ. Հուրի Նաճարեան, Զեփիւռ Տորնա եւ տոքթ. Սօնա Բուչիկեան–Սարգիսեան:
Ձեռնարկը սկսաւ գիրքի գինեձօնով: Յանձնախումբի փոխատենապետուհի Զեփիւռ Տորնա ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք հակիրճ կերպով ներկայացուց գիրքը եւ ըսաւ. «Յոյսով ենք, որ կ‘ըմբոշխնէք այս բովանդակալից եւ երկլեզու գիրքը եւ զայն կը պահէք ու կը փոխանցէք եկող սերունդներուն, իբր Հայոց Պատմութեան եւ Հայոց Արքայական տոհմերուն, թագաւոր-թագուհիներուն մասին անմիջական եւ ամփոփ տեղեկութիւն: Կը մաղթենք, որ սոյն գիրքը կ‘արժանանայ ձեր սիրոյն եւ գուրգուրանքին»: Ապա ան հրաւիրեց Տէր Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէքեանը, որ կատարէ գիրքին գինեձօնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տոհմիկ Օրուան յանձնախումբի ատենապետուհի Հուրի Նաճարեան, որ ըսաւ. «Հայոց Պետականութեան վերականգնման 100-ամեակին առթիւ Հայոց Արքայական Տոհմերուն ձօնուած 25-րդ Տոհմիկ Օրը կու գայ աւելնալու հայաբոյր ձեռնարկներու այն շղթային, զոր Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը շարունակաբար կը ներկայացնէ ժողովուրդին: Մեր մաղթանքն է, որ 25 օղակները տարուէ տարի աւելնան եւ հասնին 50-ի ու աւելիին… Սիրելինե՛ր, այսօր դուք ստացաք այս տարուան գիրքէն օրինակ մը, որ իր մէջ կը պարփակէ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը իր ծագումէն մինչեւ վերջին թագաւորութիւն՝ Հայոց Պետականութեան վերականգնումը, որ 100 տարիներ առաջ, ազգովին ոտքի կանգնած, միասնաբար կերտեցինք, առաջնորդութեամբ Արամ Մանուկեանի…. Կ’ողջունենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը, թող որ մեր 4000-ամեայ պատմութիւնը ըլլայ այն հիմնաքարը, որուն վրայ պիտի կառուցենք դէպի ապագայ մեր հայրենիքը՝ արդար, հզօր ու բարգաւաճ: Կ’ողջունենք նաեւ մեր մայրաքաղաք Երեւանի 2800-ամեակը…. թող որ Երեւանը միշտ ծաղկի եւ զարգանայ:
Յարգանք ու պատիւ մեր պատմութեան էջերը կերտող հայոց թագաւորական տոհմերուն, որոնք մեզի պարգեւեցին միաձոյլ ու հայալեզու ծովէ ծով Հայաստան, փառքի օրեր, ուրոյն մշակոյթ, կրօնք եւ հայոց ոսկեղինիկ այբուբենը: Թո՛ղ որ Մեծն Տիգրանի աննկուն կամքը, քաղաքական ռազմավարական ոգին եւ արդարամիտ պայծառութիւնը, առաջնորդող եւ օրինակելի ուժը հանդիսանայ ապագայ բարգաւաճ եւ հզօր հայրենիքի կերտման գործընթացքին… թո՛ղ որ Փառանձեմ, Զապէլ եւ Աշխէն թագուհիներու կեանքը օրինակելի դառնայ հայ կնոջ, հայ մօր՝ ազգային ոգիով դաստիարակելու մեր գալիք սերունդները, անոնց փոխանցելով ազգին ծառայելու եւ հայրենիքը պահպանելու վսեմ գաղափարը: Ծառը իր արմատներով կը սնանի ու կանգուն կը մնայ, մե՛նք ալ սիրելիներ, մեր պատմութեամբ է, որ պիտի հզօրանանք, հոգիով ու կամքով տոգորուած պահենք մեր ինքնութիւնը, հայու ոգին հաւատքն ու լեզուն»: Ան խօսքը վերջացուց շնորհակալութիւն յայտնելով անցեալի եւ այս տարուան Տոհմիկ Օրերու յանձնախումբերուն, բոլոր նուիրատուներուն եւ կամաւոր օժանդակներուն:
Յայտագրին կարեւոր մէկ մասը կը կազմէր Երեւանի Տէրեան Մշակութային Կեդրոնի Արքայական եւ Ազգային տարազներու աննախընթաց ցուցադրութիւնը Թորոնթոյի մէջ: Տէրեան Մշակութային Կեդրոնը սիրայօժար հայթայթած էր բոլոր տարազները: Ցուցադրութիւնը համադրեցին Թամար Մաթոսեանը եւ Մարալ Պէքարեանը, իսկ զանոնք ներկայացուց Թամար Մաթոսեանը: Գաղութիս խումբ մը երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներ գեղեցկօրէն ցուցադրեցին արքայական եւ ազգային տարազները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ձեւաւորուած եւ պատրաստուած էին իւրայատուկ ձեռագործերով:
Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Էրեբունի» պարախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Նելլի Կարապետեանի, յայտագիրը ճոխացուց ներկայացնելով երկու պար՝ «Հայկազուններ» եւ «Տաւիղ»:
Ապա, կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Տիանա Հանըմեան յայտնեց, թէ առ ի գնահատանք Տոհմիկ Օրերու մղիչ ուժը եղող Հուրի Նաճարեանի նուիրեալ աշխատանքին, Հայաստանի Ծառատնկումի Ծրագրին (Armenia Tree Project – ATP) միջոցով իր անունին խումբ մը ծառեր պիտի տնկուին հայրենիքի մէջ: Իսկ մասնաճիւղին անունով Իրեն Թիլիմեան անոր յանձնեց գնահատագիր մը եւ նուիրեց Մայքըլ Արամի գործերէն մէկը:
Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս պատուարժան պրն. Արա Մկրտչեան հրաւիրուեցաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի Իրեն Թիլիմեանի եւ Հուրի Նաճարեանի հետ հատելու 25-ամեակի կարկանդակը, որ բերդի ձեւով պատրաստուած էր:
Ապա պրն. Մկրտչեան խօսք առնելով մեծապէս գնահատեց ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ձեռնարկած աշխատանքները, յատկապէս Տոհմիկ Օրերու ձեռնարկները, որոնք կը հանդիսանան հայ մշակոյթի ու պատմութեան պահպանումի կարեւոր աշխատանք:
Տէր Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէքեան իր սրտի խօսքով հանդէս եկաւ, շնորհաւորեց Տոհմիկ Օրերու 25-ամեակը եւ յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս հայոց թագաւորութիւններու ընդմէջէն փառքի զգացումը եւ հզօրութեան ոգին կը փոխանցուի մեր ժողովուրդին մինչեւ այսօր: Ապա օրհնեց սեղանները: Ներկաները ճաշակեցին հայկական համադամ ճաշերը, յատկապէս նշանաւոր աւանդական ղափաման, որ հրամցուեցաւ «Ղափամա» երգի ընկերակցութեամբ:
Ճաշի ընթացքին պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ 25 տարիներու Տոհմիկ Օրերու ձեռնարկներէն համադրում մը՝ պատրաստուած Օննիկ Նազարեանցի կողմէ:
Բեմ բարձրացաւ Մոնթրէալէն յատկապէս ժամանած Էլի Պէրպէրեանը, իր նուագախումբին հետ եւ հանդէս եկաւ աշուղական եւ հայրենասիրական երգերով:
Զեփիւռ Տորնա