Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը

Horizon Weekly Newspaper

22 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը, առաջնորդութեամբ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, համախմբուեցան Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Հայ Կեդրոնի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանին դիմաց:

Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի կողմէ արտասանուած աղօթքէն ետք, աշակերտները համախումբ, պահանջատէր հայու գիտակցութեամբ վերանորոգեցին իրենց ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու նահատակներու կտակին, եւ կոչ ուղեցին «Քանդելու լռութեան շղթան» եւ պաշտպանելու հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները: