Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի հաղորդագրութիւն
26 Մարտ 2020
Սիրելի Հայրենակից,
Ի հետեւումն մեր 19 մարտ 2020 թուակիր հաղորդակցութեան, այսու կը յայտնենք, որ գաղութիս ամէնավտանգուած անդամներու կարիքներու ապահովումի աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Կը յիշեցնենք, որ եթէ 60 տարիքը բոլորած էք, անկարող էք կամ հիւանդ, եւ չունիք ընտանիքի անդամներ կամ բարեկամներ, որոնք կրնան ապահովել ձեր կարիքները, կը խնդրենք հեռաձայնել 416-491-2900 x3202 երկուշաբթիէն ուրբաթ, ժամը երեկոյեան ժամը 7:00-9:00 կամ գրել helpline@acctoronto.ca հասցէին:
ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութիւն
Աշխատանքի ապահովագրութեան եւ նման այլ հարցերու համար, կարելի է հեռաձայնել գրասենեակ՝ (416)-495-0644 թիւին կամ գրել՝ ARSSocialServices@gmail.com հասցէին:
Կառավարական Նիւթական Օժանդակութիւն
Ինչպէս նախապէս փոխանցած էինք, կցուած գտէք Դաշնակցային եւ նահանգային Կառավարութիւններու օժանդակութեան տարբեր աղբիւրները`մինչեւ 25 Մարտ կատարուած յայտարարութիւններու հիման վրայ:
Սիրելիներ, ունինք անհատական եւ հաւաքական պարտականութիւններ` կանխարգիլելու համար COVID-19-ի տարածումը: Ձեռք ձեռքի տալով պիտի մնանք հոգատար, աշխուժ ու գործունեայ գաղութ եւ պիտի յաղթահարենք դժուարութիւնները:
Մնացէք լիայոյս, ապահով եւ առողջ:
Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն