Թորոնթոյի Հայ Ծերանոցի 25 տարուայ Երազին իրականացումը
Չորեքշաբթի, 9 Մարտ 2022-ին , ժամը 9:00 ին, Հայ կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Long-Term Care-ի Նախարար Փոլ Քալանտրայի, Երեսփոխաններ՝ Վենսենթ Քըի (Don Valley North), Ռապին Մարթինի (Eglinton-Lawrence) և Արիս Պապիկեանի (Scarborough-Agincourt),
յայտարարուեցաւ աննախընթաց ծրագիր մը՝ կառուցելու և արդիականացնելու երկարաժամկէտ խնամքի մահճակալներ, որոնցմէ 1,328 նոր և 641 բարելաւուած, Թորոնթոյի մէջ 9 խնամքի ոչ-շահութաբեր տուներուն:
Սոյն յատկացումէն Հայ Կեդրոնին կը տրամադրուի 256 նոր մահճակալներ Hallcrown տարեցներու նոր տան համար:
Այս առիթով Երեսփոխան Պապիկեան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտին, նախարար՝ Փոլ Քալանտրային և նախկին նախարար Րատ Ֆիլիբսին, որովհետեւ իրենց զօրակցութեամբ եւ անսակարկ ներդրումով Թորոնթոհայերը պիտի ունենան իրենց սեփական ծերանոցը։ Աւելին՝ վերոյիշեալ ծրագիրը իրականացաւ Հայ կեդրոնի եւ նահանգային կառավարութեան համատեղ գործակցութեամբ:
«Մեր կառավարութիւնը երկարաժամկէտ խնամքը բարելաւելու ծրագիր ունի, և այդ ծրագրի հիմնական մասը մեր տարեցներուն համար ժամանակակից, ապահով և յարմար տուներ կառուցելն է», յայտնեց Փոլ Քալանտրան՝ երկարաժամկէտ խնամքի նախարարը: «Երբ Թորոնթոյի այս ինը տուները կառուցուին, 1,969 բնակիչները կ՚ունենան նոր վայր, ուր կարող են տուն համարել՝ իրենց ընտանիքներուն համար»:
Հայ Կեդրոնի Ներկայացուցիչ Սեւակ Խօշեան իր խօսքին մէջ յայտնեց ըսելով. «Հպարտութեամբ կը յայտնենք, որ պիտի մատուցենք մեր համայնքի բոլոր զաւակներուն, անզուգական ծառայութիւններ, մեր միութիւններով և կազմակերպութիւններով»։
Հայ Ծերանոցի ծրագրի իրականացումով Թորոնթոհայերը ընդհանրապէս և հարաւային Օնթարիոյի Հայ գաղութը մասնաւորապէս՝ պիտի ունենան յաւելեալ բարգաւաճ կեանք, ի մասանւորի մեր երէցները, որոնք արժանի են արդիական, արժանաւայել խնամակալութեան, ուր Հայութիւնը առանց խտրութեան պիտի օգտուի այս ծրագրէն։