Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի ընդարձակման ծրագրի նուիրահաւաք
- (0)

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնն ու Հայ Երիտասարդական կեդրոնը Գանատայի հայ համայնքի կարեւորագոյն կեդրոններէն են, որոնց հովանիին ներքեւ կը գործեն Թորոնթոյի հայկական միութիւններն ու հաստատութիւնները, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի միակ հայկական ամէնօրեայ վարժարանը՝ ՀՕՄի Պապայեան Մանկապարտէզը, Գոլոլեան Նախակրթարանն ու Լափոյեան Երկրորդական վարժարանը։
ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Սիմոն Զաւարեան» ուխտի միասնական ջանքերով հիմնուած հայապահպանման այս միջնաբերդի զարգացման համար, Թորնթոյի Հայ Կեդրոնը համացանցի վրայ կոչով մը հանդէս եկած է, յայտարարելով ACC Beyond հանգանակային արշաւի մեկնարկը, որմէ գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի
Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի յաւելեալ մասնաբաժիններով եւ ժամանակակից բոլոր ենթակառուցուածքային յարմարութիւններով օժտելու նախագիծին:
Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի (ՀԵԿ) յաւելուած մասնաբաժինը պիտի ըլլայ երկյարկանի, 16.000 քառակուսի ոտք ընդհանուր տարածութեամբ: Նոր կառոյցը պիտի ունենայ 8 վերապատրաստումի սենեակ, մարդամեքենաշինութեան աշխատանոց մը, արուեստներու սթիւտիօ մը, ընդարձակ ճաշարան մը՝ խոհանոցով, աշակերտական ժամանցի սենեակ մը, եւ ստորերկեայ տարածք մը:
ՀԵԿի ընդլայնման ծրագրի ընդհանուր ծախսերը նախատեսուած են 9 միլիոն տոլարով։ Անցնող տարիներուն, հայմայնքներու զարգացման նպատակաուղղուած Գանատայի Դաշնակցային կառավարութեան Canada Infrastructure Program (ICIP) ծրագրի պետական նպաստով Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը ստացած է $1,720,400.00, իսկ Օնթարիոյի նահանգային կառավարութեան կողմէ $1,433,523.30. համագումար՝ $3,153,923.30. ACC Beyond Հանգանակային կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ $5,148,923.00 արդէն գոյացած է եւ $3,851,000.00 կը մնայ նուիրահաւաքի նպատակակէտին հասնելու համար։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար այցելեցէք www.accbeyond.com կայքէջը: