Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ նշուեցաւ «Հորիզոն»ի 15-ամեակը. ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը 24 000 ամ. տոլար կը յատկացնէ «Հորիզոն»ի նոր սարքերու գնման

«Հորիզոն», 13 Յունիս 1994
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ: Ստորեւ կը հրապարակենք 1994-ին տեղի ունեցած «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 15-ամեակին նշումը, որուն ընթացքին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը 24 000 ամ. տոլար յատկացուցած է «Հորիզոն»ի նոր սարքերու գնման.

Հայ մամուլի 200-ամեակին եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 15-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 5 Յունիս 1994, կ.ե. ժամը 6:00-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 150 ազգայիններու: Հանդիսավարն էր ընկ. Գալուստ Պապեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Օրուան բանախօսն էր Մոնթրէալէն ընկ. Մհեր Գարագաշեան: Խօսք առին նաեւ «Հորիզոն»ի Թորոնթոյի ներկայաչուցիչ ընկ. Գրիգոր Հոթոյեան եւ Մոնթրէալէն «Հորիզոն»ի աւագ խմբագիր ընկ. Վրէժ-Արմէն Արթինեան: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ մէջ եւս, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 15-ամեակի թէյասեղան-տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 5 Յունիս 1994, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Ա. Ահարոնեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 200 հիւրերու եւ բարեկամներու: Տօնակատարութեան գործադրութենէն առաջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որու աւարտին, «Հորիզոն»ի 15-ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով բարի գալուստի եւ բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ տիկ. Ծովիկ Գահվէճեան, որ կատարեց նաեւ օրուան հանդիսվարութիւնը: Առաջին հերթին, ելոյթ ունեցաւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր ընկ. Կիրոյ Մանոյեան: Այս առթիւ «Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլի խմբագրութիւնը, ներկայացուց տեսերիզ մը, որ պատրաստած էր «Հայ մամուլի 200-ամեակի եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 15-ամեակին» նուիրուած: Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան Անուշքա Մանուկեան (երգ), դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Ցոլեր Խաչերեանի, Նարեկ Ղազարեան (արտասանութեամբ), «Համազգային»ի Անի պարախումբէն երկու ներկայացուցչներ ելոյթ ունեցան մենապարերով: Յիշենք նաեւ, որ հիւրասիրութեան ընթացքին դաշնամուրի վրայ հայկական ժողովրդային եղանակներով ելոյթ ունեցաւ պրն. Մանուկ Էլմոքեան:

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Լոս Անճելըսէն յատկապէս հրաւիրուած «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր ընկ. Ժան Գոսաքեան:
Ինչպէս ձեռնարկէն առաջ, ձեռնարկի ընթացքին եւս տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ:

Յատուկ կերպով նշելի է ՀՕՄ-ի Կեդր. վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Վանուհի Իսաջանեանի կատարած յայտարարութիւնը. ընկհ. Իսաջանեան Կեդր. վարչութեան անունով 24 հազար ամերիկեան տոլարի վճարագիր մը յանձնեց ընկ. Կիրոյ Մանոյեանին, որպէս ամբողջական հովանաւորութիւն՝ թերթը նոր սարքերով օժտելու ծրագրին:

Հանդիսութեան աւարտին, հիւրասիրութիւնը շարունակուեցաւ եւ ներկաները խմբագրութեան անդամներուն եւ աշխատակիցներուն փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւնները եւ անոնց հետ ունեցան մտերմիկ զրոյց:

Comments are closed.