Թորոնթոհայութիւնը տէր է պահանջատիրութեան եւ Հայ Դատին

Horizon Weekly Newspaper

Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-ին սկիզբ առաւ Թորոնթոյի մէջ Ապրիլեան ոգեկոչումի ձեռնարկը, քաղաքակեդրոնի City Hall-ին դիմաց, ներկայութեամբ օտարազգի եւ հայ պատգամաւորներու, թեկնածուներու, հասարակական գործիչներու, միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:

Օրուան հանդիսավար, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Քաթիա Տէր Յովակիմեան, ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յագելու յիշատակը մեր նահատակներուն, որմէ ետք ան ընթերցեց բացման խօսքը, ըսելով. «1915 թուականին բնաջնջումի թիրախ հանդիսացած էր մէկուկէս միլիոն հայեր։ Այսօր մենք կը յիշենք այս բոլորը ոչ միայն ցաւով ու վիշտով, այլեւ նպատակաուղղուածութեամբ, որովհետեւ անարդարութիւնը տակաւին կը շարունակուի հայուն հանդէպ, բայց այս անգամ Արցախի մէջ», ապա աւելցուց. «Արցախի Քառասնօրեայ պատերազմին ընթացքին արցախահայութիւնը դարձեալ բնաջնջումի եզրին հասաւ, մօտաւոր 100 հազարէ աւելի հայեր լքեցին իրենց պապենական հողերը, իսկ գերիներ, որոնք մինչ այսօր կը գտնուին Ատրպէյճանի ժանիքներուն տակ, անարդարօրէն ահ ու սարսափի ենթարկուեցան ու տակաւին կ’ենթարկուին։ Կատարուածը միջազգային իրաւունքներու խախտում է, որոնք ուշադրութեան եւ պոռթկումի արժանի են»։ Ան խօսքը աւարտեց ըսելով. «Ժխտելը կամ մերժելը պատմութեան՝ պարզապէս անցեալը մոռնալ չէ այլ թոյլ տալ անարդարութեան։ Այսօր մենք հոս հաւաքուած ենք հաստատելու ճա

Բեմ բարձրացաւ Օնթարիօ նահանգի Օրէնսդիր ժողովի նախկին նախագահ Տէյվիտ Ուորնըրը, որ իր ելոյթին մէջ յստակօրէն ներկայացուց 1915-ին տեղի ունեցած պատմական իրողութիւնը եւ շեշտը դրաւ իր աջակցութեան՝ Հայաստանի ու Արցախի, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի հայ համայնքին:
Հանդիսավարը հրաւիրեց Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր տիկին Ճին Եիփը, որ արտասանէ Ազատական կուսակցութեան առաջնորդ եւ Գանատայի վարչապետ Մարք Քառնիի ուղերձը, մասնակցութեամբ Տան վալի նորթի պատգամաւոր Մակի Չիի։ Ապա, օրուան հանդիսավարը ընթերցեց Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդ Փիեռ Փոլիէվրի ուղերձը. ընթերցուեցաւ նաեւ Գանատայի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ճասմիթ Սինկի ուղերձը։ Գանատայի խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւնները իրենց ուղերձներուն մէջ զօրակից էին Գանատայի հայութեան։

Horizon Weekly Newspaper

Հերթաբար խօսք առին Օնթարիոյ նահանգային խորհրդարանի պատգամաւորներ Արիս Պապիկեան, Ճոնաթան Ցաոյին, Ադիլ Շամջին, Պրետ Պրետֆորտ, Ճոշ Մեթլոու

որոնք բոլորը իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Գանատայի հայ համայնքին, Հայ Դատին, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ապահով կերպով Արցախ վերադարձին:

Յայտագրի առաջին բաժինը հոգեւոր հովիւներուն աղօթքով հասաւ իր աւարտին, որմէ ետք սկիզբ առաւ քայլարշաւը դէպի թրքական հիւպատոսարան, ուր հանդիսավար Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան հակիրճ անդրադարձ մը ունեցաւ ցեղասպանութեան մասին, ապա անգլերէն լեզուով օրուան պատգամը փոխանցեց Արիանէ Ղազարեան, որ իր խօսքը թուրք հիւպատոսին ուղղելով ըսաւ. «Այսօր հոս հաւաքուած ենք, յիշատակելու Ապրիլեան եղեռնի 110-ամեակը, որ գործուեցաւ ձեր ձեռքով: Դուն եւ Էրտողան, չէք կրնար պատմութիւն մը ջնջել։ 1915 թուականէն առաջ, Արեւմտահայստանի մէջ կ’ապրէին աւելի քան 2 միլիոն հայեր, սակայն դուք արմատախիլ ըրիք ամբողջ ազգ մը։ Տարիներու ընթացքին հայը ապրեցաւ, բազմացաւ եւ պահպանեց իր ինքնութիւնը»։

Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Մենք` թորոնթոհայերս, այդ որբացեալ սերունդին զաւակները, պահանջներ ունինք ձեզմէ. ա)Ընդունիլ եւ յայատարարել 1915 թուին կատարուած ոճրագործութիւնը: բ)Խոնարհիլ եւ ներողամտութիւն խնդրել հայերէն: գ)Պատասխանատու ըլլալ եւ փոխ հատուցում տալ 1915-ին կատարուած իրողութեան։ դ)Պատմական իրողութիւն մը կայ, զոր կարելի չէ բնաջնջել, քանի այդ մէկը կ’ապրի մեր մտքերուն, հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ։ ե)Վերադարձնել այն բոլոր իրաւունքները, զորս խլեցիք մեզմէ եւ փորձեցիք ծածկել։ զ)Անմիջապէս զինադադար յայտարարել եւ ձեր արիւնաթաթախ մատները հեռացնել Արցախէն եւ արցախայութենէն»:

Յայտագրին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Էլիզապէթ Գանտահարեան, ասմունքելով Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութիւն» բանաստեղծութիւնը։
Աւարտին Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի «Պահպանիչ»-ով ու Տէրունական աղօթքով փակուեցաւ միջոցառումը:

Հուրինա