Թորոնթոհայութիւնը Արցախի եւ Հայաստանի Կողքին. «Պաշտպանելով Արցախը՝ Պաշտպանենք Հայաստանը» զօրակցական հաւաք
Շաբաթ 9 ապրիլին, Թորոնթոյի Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք՝ ի նպաստ Արցախի եւ Հայաստանի, ներկայութեամբ երիտասարդ հայորդիներու, որոնք բարձրացուցած էին Արցախի եւ Հայաստանի դրօշակները եւ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր՝ «Ո՛Չ՝ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒՆ», «Ո՛Չ՝ Հայրենազրկումին», «Պաշտպանելով Արցախը՝ Պաշտպանենք Հայաստանը», «Յանուն Արցախի, Փրկե՛նք Հայաստանը», «Սփիւռքը Արցախի Կողքին է», «Նիկոլը չի ներկայացներ հայութեան շահը», «Թուրքն իմ թշնամին է», «Հայաստանը Թրքական Միջանցք Չէ», «Արցախը Ազրպէյճանին Մաս Պիտի Չկազմէ», «Տէր ենք Արցախին, Տէր ենք Հայաստանին», «Համազգային դիմադրութեամբ պիտի հասնինք յաղթանակի», «Յանուն Արցախի, Յանուն Հայաստանի, Յանուն Հայ Ժողովուրդի, պիտի հասնինք յաղթանակի»:
Հաւաքի բացումը կատարեց ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ Սերենա Ղազարեանը, որ նշեց, թէ Հայաստանի գործող իշխանութիւնը, արհամարհելով արցախահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, ճիգ չի խնայեր Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ բարելաւելու իր յարաբերութիւնները: Այս բոլորին դիմաց, կառչելով «խաղաղութեան դարաշրջան» գաղափարին, ընդունելի կը համարԷ բանակցային սեղանին դրուած ազրպէյճանական ու թրքական բոլոր նախապայմանները:
Ապա Ղազարեան բացատրեց որ հաւաքը կը նպատակադրէ՝
- Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններուն ցոյց տալ, որ իրենք իրաւունք չունին հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը, հայրենիքը, իրաւունքները զիջելու:
- Ամբողջ աշխարհին ցոյց տալ, որ կը բանակցին անձի մը հետ՝ Նիկոլ Փաշինեան անունով, որ չի ներկայացներ ազգը:
- Հանրային միջազգային կարծիքին՝ քաղաքական, դիւանագիտական եւ լրատուամիջոցներուն ուշադրութեան հրաւիրել, թէ ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Արցախի մէջ այսօր, մարդու իրաւունքներու եւ ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքի յստակ ոտնահարում է եւ միջազգային ընտանիքը իր լռութեամբ մեղսակից է այդ հոլովոյթին:
- Եւ վերջապէս թուրք-ազերի թշնամիին իմացնել, որ հայութեան յանձնառու հատուածը Հայ Դատի պահանջատիրութեան իր անդուլ պայքարը կը շարունակէ անշեղօրէն, աշխարհի չորս ծագերուն:
Խօսքը ուղղելով Փաշինեանին, Ղազարեան ըսաւ. «Ցեղասպանին հետ սեղան նստիլն ու համաձայնութիւններ մշակելը նոր ցեղասպանութիւններու ու կորուստներու առիթ կ’ընձեռէ: Մենք, ցեղասպանութենէ ճողոպրած ժողովուրդի ժառանգներս, ընդվզած ենք եւ չենք ընդունիր մեր տունէն ներս թափանցած պարտուողականութեան ու անձնատուութեան բիծը։ Մենք, սփիւռքի մէջ ծնած եւ հասակ առած երտասարդներս՝ մեր ամբողջական ներուժով, Արցախի եւ Հայաստանի կողքին ենք, հայ զինուորի եւ հայկական բանակի կողքին ենք»։
Ապա, ՀՅԴ «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութենէն Դրօ Չարշաֆեանը կարդաց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւնը։
ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի անունով խօսք առաւ Ժան Պալճեան։ Ան յայտնեց, որ ոչ մէկ ընտրուած կառավարութիւն իրաւունք ունի իր երկրին սահմանները հարցականի տակ դնել եւ թէ Փաշինեան ժողովուրդի համաձայնութիւնը չունի հայապատկան հողեր նուիրելու թշնամիին եւ իրաւունք չունի մեր անունով բանակցելու թշնամիին հետ կամ որոշելու մեր հայրենիքին ապագան: Պալճեան աւելցուց՝ «Մե՛նք, Արամ Մանուկեանի, Զօրավար Դրոյի, Գէորգ Չաւուշի, Սերոբ Աղբիւրի, Թաթուլ Կրպէյեանի, Շահէն Մեղրեանի, Կարօտի, Քրիստափոր Արթինի, Գէորգ Հաճեանի ու Ալպերի ընդմէջէն պիտի շարունակենք մեր պայքարը, ստեղծելու ինքնիշխան Արցախ ու անվտանգ Հայրենիք»: Պալճեան լուսարձակի տակ առաւ ամէնուրէք մեր բողոքի ալիքները բարձրացնելու կարեւորութիւնը նշելով որ Պրիւքսէլի մէջ այս իշխանութւինները մէկդի դրին մեր գերիներու եւ անյայտ կորած տղոց թղթածրարը եւ թէ միջազգային քաղաքական կողմերը պէտք է լուծում գտնեն այս հարցին: Ան աւարտեց իր խօսքը ըսելով՝ «Իմ անունս է Հայ, Մականունս Եան, Եռագոյնս միշտ ուժէղ է, Կեցցէ՛ Սփիւռք, Արցախ ու Հայաստան»:
Խաժակ Գուլաճեան