Թէ ինչպէս թրքացած յոյնը վերադարձաւ իր արմատներուն. Եանիս Վասիլիսի պատմութիւնը
2424
0
Իպրահիմ Եայլալը թունդ ազգայնամոլ թուրք մըն էր, որ 1994-ին կը միանայ երկրի բանակի յատուկ ջոկատներուն՝ պայքարելու համար ՓՔՔ-ի քիւրտ անջատողականներուն դէմ: Ընդհարումներու ընթացքին գերի կ՚իյնայ Քիւրտերուն ձեռքը: Երբ իր ծնողները թրքական իշխանութիւններուն կը դիմեն, որպէսզի ազատեն զինք, կը բախին վերջիններուս դժկամութեան եւ այդ առթիւ ապշանքով կ՚իմանան նաեւ իրենց յունական ծագումին մասին։
Իպրահիմ Եայլալը երբ բախտը կ՚ունենայ վերագտնելու իր ազատութիւնը, իր բուն ծագումին տեղեկանալով՝ կ՚որոշէ պապենական արմատներու հետազօտութեան գործին լծուիլ ու կը յայտնաբերէ, որ իր մեծ հայրը Պաֆրա քաղաքէն իսլամացած յոյն մըն էր, Քոնսթանթին անունով: Ուստի, Իպրահիմ 2013-ին Յունաստան կ՚երթայ ու կը ստանայ յունական անուն մը, կը դառնայ Եանիս Վասիլիս Եայլալը:
Միաժամանակ կը սկսի քրքրել պատմութեան էջերը, կը հիմնէ կայքէջ մը, ուր կանոնաւորաբար նիւթեր կը հրապարակէ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին հազարաւոր Յոյներու կոտորածներուն մասին: Ան հետզհետէ կը դառնայ բանբերը Թուրքիոյ իսլամացած թաքուն Յոյներուն, երիտասարդ սերունդի մը, որ կ՚ուզէ իմանալ իր արմատներուն մասին ճշմարտութիւնը՝ թրքական պետութեան սուտերուն դիմաց: “Ինծի նման շատեր կան Թուրքիոյ մէջ, բայց մեծ մասը կը խուսափի խօսելէ իր արմատներուն մասին, որովհետեւ կը վախնայ։ Կ՚ուզեմ անոնց քաջութիւն ներշնչել։ Չեմ ուզեր մարդիկ խրախուսել ազգայնապաշտ դառնալու, բայց պէ՛տք է ստանձնեն իրենց ծագումը”, կ՚ըսէ Եանիս: “Թրքական պետական կառոյցը կը գործէ միականութեան տրամաբանութեամբ, որ կրնայ գոյատեւել միայն ֆաշական, յարձակողական եւ գոռոզ կառավարմամբ։ Եթէ քաղաքական պատասխանատուները այս երկիրը ղեկավարէին ժողովրդավարական կարգով՝ իրենց ոճիրները ի յայտ պիտի գային։ Արդարեւ, ներկայի իշխանութիւններու մտայնութիւնը ոչինչով տարբեր է անցեալի կառավարութիւններէն”, կը շարունակէ ան:
Եանիս Վասիլիսի այս ու նման արտայայտութիւնները բնականաբար չեն վրիպած Էրտողանի վարչակարգին աչքէն: Ան Ապրիլ 22-ին ձերբակալուած է քրտական Շըրնաք քաղաքին մէջ, ուր կ՚ապրէր 2012-էն ի վեր: Եանիս իր ձերբակալման օրը հրապարակած էր պոնտոսցի Յոյներու ջարդերուն նուիրուած նոր յօդուած մը: Թրքական իշխանութիւնները զինք կ՚ամբաստանեն «Նախագահը նախատել»-ու, «քաղաքացիական անհնազանդութիւն հրահրել»-ու «ահաբեկչական կազմակերպութեան ի նպաստ քարոզչութիւն ծաւալել»-ու մեղադրանքներով: Եանիսի դատավարութեան առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 26-ին:
«Նոր Յառաջ»