Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի Սուրբ Ծննդեան Պատգամը
Աստուծոյ գերագոյն սիրոյ կենդանի պատգամը
Տօն Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան։
Առիթ՝
Յոյսի եւ ուրախութեան,
Փառաբանանքի եւ Օրհներգութեան։
Պատգամ՝
Սիրոյ եւ արդարութեան,
Զօրութեան եւ Վեհութեան,
Ճշմարտութեան եւ Փրկութեան։
Ահաւասիկ Ս. Ծննդեան մեծագոյն հրաշքը՝ Աստուածային ՊԱՏԳԱՄԸ։ Պատգամ մը, որ շատ հզօր է՝ ե՛ւ անձնական ե՛ւ համայնական։ Աստուած իր սիրտը կը բանայ, ցոյց տալու մեզի յաւիտենական կեանքի ճանապարհը, որովհետեւ սիրտէն բացուած ճանապարհն է, որ մարդս կ՚առաջնորդէ յաւերժութեան։
Աստուած սկիզբէն մարդուն հետ խօսեցաւ։ Ստեղծագործութեան միջոցով ան բացայայտեց Իր զօրութիւնն ու վեհութիւնը, բայց մանաւանդ՝ սէրը։ Մարգարէներուն միջոցով յայտնեց իր նախազգուշական ծրագիրները՝ սիրոյ խոստումները։
Աստուած միշտ խօսած է եւ երբեք չէ դադրած խօսելէ մարդուն հետ, եւ իր խօսքը գործի վերածած՝ խօսքին մարմին տուած, իր մարդեղութեամբն իսկ մարմին առնելով, եկաւ մարդուն հետ անձամբ աւելի յստակ խօսելու, որպէսզի մարդկօրէն ճանաչելի դառնայ, որ մարդը մօտենայ Իրեն։ Այս առումով ինչքան գեղեցիկ եւ իրական է Առաքեալին խօսքը, «Անցեալին բազում անգամներ եւ բազմաթիւ կերպերով Աստուած մեր հայրերուն խօսեցաւ մարգարէներուն միջոցաւ, իսկ այս վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ իր Որդիին միջոցաւ (Եբր. 1.2)։ Աստուածային խոստումն է, որ կը կատարուի. «Դուն իմ Որդիս ես, այսօր քեզ ծնայ» ( Եբր. 1.4), որովհետեւ «Որդին Հօրը փառքին լոյսը եւ անոր էութեան ճշգրիտ պատկերն է» (Եբր. 1.3)։
Աւետման պատմութիւնը Գաբրիէլ հրեշտակի՝ Մարիամին հետ խօսելէն շատ առաջ կը սկսի՝ հազարաւոր տարիներ առաջ։ Աստուած խօսեցաւ պատմութեան մէջ, խօսեցաւ պատմութեան ընթացքին, պատմութեան միջոցով, այս մեծագոյն Աւետիսին բացայայտման համար, որպէսզի մենք ճանչնանք զինք, սիրենք եւ երկրպագենք Իրեն։ Աստուած խօսեցաւ Մովսէսին հետ այրող թուփին մէջէն, խօսեցաւ Եղիային հետ հանդարտ եւ մեղմ ձայնով, Եսայի մարգարէին տաճարին մէջ տեսիլքի ճամբով։ Խօսեցաւ Ովսէին հետ ընտանեկան հանգամանքներու միջոցաւ, Ամովսին հետ ամառնային պտուղներու զամբիւղին ընդմէջէն։ Խօսեցաւ Երեմիայի հետ բրուտի կաւի միջոցաւ, Յովսէփին հետ երազներու ճամբով։
Մէկ խօսքով, Աստուած իր պատգամը տուած է տեսիլքներու եւ երազներու, խորհրդանիշներու, բնական իրադարձութիւններու եւ շատ այլ միջոցներով։ Աստուած այսօր ալ կը խօսի մեզի մեր նմաններու կեանքով։
Մարդը, երկրաւոր այս կեանքին մէջ զբաղած ըլլալով առօրեայ իր հոգերով եւ սեփական կեանքի ընթացիկ օրակարգերով, խուլ դարձած է Աստուծոյ ձայնին, աղմկոտ այս աշխարհին մէջ խուլ դարձած է Աստուծոյ ձայնին, աղմկոտ այս աշխարհին մէջ չ՚ուզեր լսել այն ինչ, որ Աստուած կ՚ուզէ ըսել. մինչդեռ մարդը կ՚ուզէ, որ Աստուած լսէ զինք։ Աստուած կը փորձէ իր պատգամը փոխանցել, սակայն մարդը չի կրնար հաղորդուիլ Աստուծոյ հետ։
Վերջապէս, Աստուած Իր Որդին կը ղրկէ Իր պատգամը հասցնելու մարդուն։ Ան ոչ միայն աստուածային պատգամի փոխանցողն է, այլ աւելին՝ Ան Աստուծոյ պատգամն է, Աստուծոյ գերագոյն սիրոյ կենդանի պատգամը, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը բացատրէ. «Որդին Աստուծոյ փառքի շողն է եւ անոր էութեան ճշգրիտ արտայայտութիւնը, որ կը հաստատէ ամէն ինչ Անոր ուժեղ խօսքով»։ Իսկ Յովհաննէս կը նկարագրէ. «Բանը մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ»։
Կ՚ուզե՞ս գիտնալ, թէ ինչպիսին է Աստուած, նայիր Յիսուսին, ինչպէս, որ Յովհաննէս Աւետարանիչ Քրիստոսի շրթներով կը յայտարարէ. «Ես եւ Հայրը մէկ ենք» (10.30)։
Աստուած կը խօսի մարդուն հետ, կը պատգամէ մարդը փոխակերպելու համար։ Հիմնական հրաշքը այսօր՝ Աստուած Իր Որդիին միջոցաւ կը խօսի մարդուն հետ, որովհետեւ իր խօսքը՝ պատգամի ուժը ունի մարդուն կեանքը փոխակերպելու։ Ահաւասիկ մեծագոյն հրաշքը Սուրբ Ծննդեան տօնին։
Աստուած մեզի հետ է։ Աստուած խոնարհեցաւ ու մօտեցաւ մարդուն, որպէսզի մարդը կարենայ մօտենալ իրեն։
Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը եկաւ բացայայտելու Աստուծոյ հիմնական ծրագիրը, որպէսզի մարդը ըմբռնէր, որ ԱՆ փրկագինն էր մարդուն մեղքերէ ազատագրման, եւ ինչո՞ւ, որովհետեւ Աստուած կը սիրէ իր արարածները։ Յիսուս իր կեանքի, ուսուցումներուն, մահուան եւ յարութեան միջոցով կը բացայայտէ Աստուծոյ սիրտը եւ փրկութեան ծրագիրը։
Եկէ՛ք այսօր մտածենք այն մասին, որ Աստուած կը խօսի մեզի հետ։ Ան իրապէս կը սիրէ մեզ։ Սուրբ Ծննդեան հրաշքը միայն մանուկին ծնունդը չէ, այլ այս ծնունդով այն պատգամն է, զոր Աստուած ղրկեց ու հասցուց մարդուն։ Աստուած ամէն օր կը խօսի մեզի հետ: Աստուած մշտապէս կը սիրէ մեզ։
Իսկ մենք որքանո՞վ կը լսենք այդ ձայնը. արդեօք կը հասկնա՞նք մեզի ուղղուած պատգամը եւ կը փորձե՞նք փոխել մեր կեանքը։ Եկէ՛ք, ընդառաջ երթանք այդ եղափոխիչ Ձայնին, ապաւինելով այդ Ձայնի վեհասքանչ զօրութեան եւ հրաշարար փրկութեան։
Ձեզի Եւ Մեզի Մեծ Աւետիս՝
Քրիստոս Ծնաւ Եւ Յայտնեցաւ։
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի
Comments are closed.