Թափուր գերեզման… Սկիզբ նոր կեանքի. Ս. Զատկուան Պատգամ

«Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք։

Ան այստեղ չէ, այլ յարութիւն առաւ» (Ղկ 24.56)։

Յարութեան պայծառ առաւօտն է։

Յարութեան ու յաղթանակի տօնն է։

Դարձեալ Յարութեան խորհուրդն է, որ մեզ համախմբած է՝ մտածելու Նոր Կեանքի մասին, որ այս անգամ կը ճառագայթէ Քրիստոսի թափուր գերեզմանէն։ Այն գերեզմանէն, որ երբեմնի մահուան ու խաւարի խորհրդանիշն էր։

Կեանքի ու մահուան պայքարը, բարիին ու չարին մաքառումները անժխտելի ու անհերքելի փաստ եղած են բոլոր ժամանակներու մարդկութեան համար, բայց Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութիւնը եկաւ եղծանելու այն թիւր ըմբռնումը, որ այս աշխարհի տէրն ու տիրականը մահն է։

Եկէ՛ք մեր մտածումին սեւեռակէտը դարձնենք Քրիստոսի կեանքի վերջին օրերուն վրայ եւ կը տեսնենք, որ այնտեղ ցնցիչ դէպքեր պատահեցան՝ Անոր կեանքին ու առաքելութեան կապուած։

Տակաւին երէկ էր, երբ Ան վերջին անգամ ըլլալով, որպէս Աստուածորդի Ինքզինք ուզեց յայտնել մարդկութեան։ Այդ իսկ պատճառով փառաւորապէս յաղթական մուտք գործեց Երուսաղէմ։

Ան «Ովսաննա»-ներով դիմաւորուեցաւ, երբ յաղթական մուտք գործեց Երուսաղէմ։ Ամբողջ Երուսաղէմը դղրդաց սաղմոսներու բացագանչութեան տարափին տակ. «Օրհնեալ է Ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով», «Օրհնութիւն Դաւիթի Որդիին»։

Յիսուս Տաճարը մաքրագործեց եւ շահագործողներուն վտարեց ու ցրուեց, յիշեցնելով, որ «Աստուծոյ տունը աղօթքի տուն է»։ Ան համարձակօրէն դատապարտեց բոլոր անոնք՝ որոնք Աստուծոյ անունը կը շահագործէին օրէնքի անուան տակ։ Ան հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ Քահանայապետներուն, Սադուկեցիներուն, Դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն կողմէ, որոնք սադրանքներ լարեցին ի սպառ վերացնելու համար Զինք։

Նոյն իշխանութիւնները իրենց զրպարտութիւններէն ու չարախօսու-թիւններէն այն կողմ անցան եւ գործի լծուեցան։ Առաքեալներէն Յուդա Իսկարիովտացիին քաջալերեցին՝ մատնելու իր Վարդապետը, ինչ որ պատահեցաւ Գեթսեմանի պարտէզէն մէջ։

Տակաւին Յիսուս հրապարակաւ, յաչս մարդկանց, դատուեցաւ, նոյն ամբոխին կողմէ մահուան դատապարտուեցաւ, ծաղրուեցաւ, անարգուեցաւ, փշէ պսակով, ապտակով, մտրակով չարչարուեցաւ եւ Գողգոթայի խաչին վրայ Իր արիւնը թափեց։ Եւ ի վերջոյ, լքուած բոլորէն, Իր հոգին աւանդեց խաչին վրայ եւ ապա բարի ու ազնիւ անձի մը՝ Յովսէփ Արեմաթացիին խնդրանքով, անոր պարտէզէն մէջ թաղուեցաւ։ Սակայն թաղուած չմնաց, այլ գերեզմանէն յարութեան շունչն է որ փչեց։

Այսօր դարձեալ հրեշտակաբարբառ ձայնը ցնցեց մարդոց հոգիներն ու քարացած սրտերը եւ վաղ առաւօտեան աւետեց՝ «Ան այստեղ չէ, այլ յարութիւն առաւ»։

Այո՛, հրեշտակներն էին, որ աւետեցին Յիսուսի ելքը այս աշխարհէն, բարիին յաղթանակը ընդդէմ չարին, լոյսի յաղթանակը ընդդէմ խաւարին, եւ ի վերջոյ, կեանքի յաղթանակը ընդդէմ մահուան։

Գերեզմանը թափուր էր… Առաջին ականատեսները իւղաբեր կանայք եղան։ Առաջին անգամ անոնք լսեցին հրեշտակներու երկնահունչ, բայց ցնցող լուրը՝ «Մի վախնաք», «Ան այստեղ չէ, այլ յարութիւն առաւ»։

Իւղաբեր կանայք եկան եւ առաքեալներուն պատմեցին այն՝ ինչ որ տեսան ու լսեցին։ Սակայն, առաքեալները զարմանքի, երկիւղի ու կասկածի զգացումներով մօտեցան ու չհաւատացին իրենց բերուած լուրին։ Պահ մը մոռցան, չվերյիշեցին որ իրենց Վարդապետը քանիցս յայտնած էր, թէ Ինքը յարութիւն պիտի առնէր։

Սակայն փաստը՝ թափուր գերեզմանն էր… որ առաքեալներէն Պետրոսը եւ Յովհաննէսը փութացին ստուգել եւ իրենց աչքերով տեսան։

Այնուհետեւ, Ողջը՝ Յիսուս երեւաց Իր աշակերտներուն վերնատան մէջ եւ ցրուեցաւ կասկածի մշուշը անոնց ուղեղներէն ու սրտերէն, ըսելով. «Խաղաղութի՜ւն ընդ ձեզ։ Ես եմ, մի երկնչիք»։ Ապա դատապարտեց անոնց անհաւատութիւնը։

Քրիստոսի յարութեան փաստը խորհուրդներուն խորհուրդն է, անիմանալի խորհուրդ եւ անքննելի իրողութիւն։ Այո, Քրիստոս մեռաւ, չէր կրնար չմեռնիլ, քանի որ կատարեալ մարդ էր։  Ան միեւնոյն ժամանակ չէր կրնար մեռած մնալ եւ իյնալ մահուան ճիրաններուն մէջ, որովհետեւ Կատրաեալ Աստուած էր։ Կեանքի Պարգեւիչը չէր կրնար զրկուած մնալ կեանքէն։ Կենդանութիւն Շնորհողը չէր կրնար չյաղթել մահուան ու մեղքի իշխանին։

Քրիստոս Իր յարութեամբ նուաճեց մահուան եւ մեզի կեանք պարգեւեց, նոր կեանք մը, որ  լեցուն է աստուածային անմահական զօրութեամբ։

Թափուր գերեզմանը նոր սկիզբ դրաւ մարդու կեանքին մէջ։ Քրիստոսի յարութեամբ մարդը նոր արարած դարձաւ։ Այլ խօսքով՝ Քրիստոսի յարութեամբ մահը ընկճուեցաւ, մեղքը տապալուեցաւ։

Քրիստոս Իր չարչարանքի եւ խաչելութեան դէպքերու նախօրեակին յայտարարեց Իր աշակերտներուն՝ քաջալերելով անոնց.- «Ես յաղթեցի աշխարհին», այն աշխարհին, որ Աստուծմէ հեռացած՝ մեղքով լեցուն մարդուն կողմէ շինուած էր։

Մահը յաղթուած է այլեւս…։ Մահուան սարսափը փարատուած։ Անմահութեան հաւատքն է, որ թեւ-թռիչք առած է։ «Միայն հաւատա՛», կը պատգամէ Քրիստոս. այս է իմաստը յարութեան։

Այդ հաւատքով է, որ խաչելութենէն յուսաբեկուած, փախուստի մատնուած առաքեալները յանկարծ արիացան եւ այլեւս ոչ մէկ ուժ չէր կրնար շեղել անոնց այդ հաւատքէն։

Այդ հաւատքով էր, որ առաքեալները գացին աշխարհի զանազան կողմերը եւ քարոզեցին Յարուցեալ Փրկիչին աւետիսը՝ Աւետարանը։

Այդ հաւատքն էր, որ մեր ժողովուրդին առաջնորդեց դառնալու քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք ընդունող առաջին ազգը։

Մեր հայրերը այս հաւատքով ապրեցան իրենց կեանքը։ Մահը կեանքի վերածելու այդ հաւատքով ապրեցան բազմաչարչար մեր հայրերը, արիացեալ նահատակները, ցեղասպանութեան զոհ գացած առաւել քան մէկ ու կէս միլիոն մեր Սուրբ Նահատակները։

Ցեղասպան թուրքը փորձեց գերեզմանել մեր ժողովուրդի զաւակները, Տեր-Զօրի մէջ աւազի վերածել, բայց չյաջողեցաւ։ Մենք չգերեզմանուեցանք, որովհետեւ հաւատացինք յարութեան, անմահութեան, Յարուցեալ Քրիստոսի։ Արդարեւ գերեզմանը մեզի համար մնաց միշտ թափուր… եւ սկիզբը նոր կեանքի։

Այսօր նոյն ցնցիչ ոճով, բայց մարդաբարբառ ձայնով կ՚ըսենք մեր թշնամիին եւ բոլոր երեւելի ու աներեւոյթ թշնամիներուն՝ «Ինչո՞ւ ողջը մեռելներու մէջ կը փնտռէք։ Մեր ժողովուրդը մեռել չէ, այլ կեանք է, յարութիւն է եւ անմահութեան ճամբորդ»։

*  *  *

Սիրելի՛ Հարազատներ,

Կեանքի յարութեան ըղձանքով եւ հաւատքի ջերմ ապրումներով կ՚ողջունեմ բոլորդ։

Եկէ՛ք վերանորոգենք մեր ուխտը, հաղորդուինք Քրիստոսի հետ, սրբուինք մեղքերէն, ապրինք սուրբ հոգիով, մեռնինք Քրիստոսի հետ եւ յարութիւն առնենք Քրիստոսով։

Ա՛յս է պատգամը յարութեան։

Ա՛յս է պատգամը հայ ժողովուրդի յարութեան։

Ա՛յս է պատգամը թափուր գերեզմանի… ՍԿԻԶԲԸ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ…

ժՔրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Սիրոյ  ջերմ  ողջունիւ՝

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔ. ՉԱՐԵԱՆ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.