Ըրվայնի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան Մը Տեղադրելու Առաջարկը Ընդունուեցաւ

Օրենճ քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ըրվայնի «Կրէյթ» զբօսայգիին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան մը տեղակայելու առաջարկը ընդունուած է զբօսայգիի վարչութեան կողմէ, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ այդ գաւառին հանրային վայրերէն մէկուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան մը կանգնեցնել։

Յուշարձանը ձեւաւորուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրենճ քաունթիի յուշարձանի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ: Յուշարձանը կը ներկայացնէ թէ հայութեան կրած ահաւոր կորուստը եւ թէ վերապրելու կամքը, իր նորածինը գրկած մօր մը արձանին ընդմէջէն։ Համալիրին մէջ պիտի ըլլան հայութեան այլ խորհրդանիշներ, ներառեալ՝ հայրենիք վերադառնալու կարօտը մարմնաւորող կրունկը եւ անմոռուկ ծաղիկը։

Հայոց Ցեղասպանութեան Օրենճ քաունթիի յուշարձանի յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Գէւ Ապաճեան ողջունեց զբօսայգիի վարչութեան որոշումը, զայն համայնքին համար յատկանշական իրագործում մը նկատելով եւ դրուատեց քաղաքապետութեան ցուցաբերած զօրակցութիւնը։

Յուշարձանին կառուցման ընդհանուր ծախսը 600,000-900,000 տոլար է եւ պիտի գոյանայ յուշարձանի յանձնախումբին կողմէ 2025ին նախաձեռնուելիք դրամահաւաքի արշաւով, որ հաւանաբար երեք տարի տեւէ, որմէ ետք պիտի սկսի կառուցման աշխատանքը, նպատակ ունենալով յուշարձանին բացումը կատարել 2028ին։

Comments are closed.