Ըստ Հայաստանի Մօտ Ռուսիոյ Դեսպանին՝ Ռուս Զինուորները Կը Շարունակեն Երաշխաւորել Հայաստանի Ապահովութիւնը

Horizon Weekly Newspaper

Ռուսական 102րդ ռազմակայանի եւ սահմանապահներու ներկայութիւնն է, որ կ՛երաշխաւորէ Հայաստանի ապահովութիւնը, ոչ թէ արեւմտեան ուժերուն խոստումները, 24Newsի «Յետագիծ Նարեկ Գալստեանի հետ» հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին: 

«Որքան գիտեմ, Հայաստանին՝ Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն հետ համեմատուող ապահովական երաշխիքներ չեն տրուած: Ամէն պարագայի, ես որեւէ փաստաթուղթ կամ յայտարարութիւն չեմ տեսած: Ապահովական ոլորտին մէջ մեր համագործակցութեան հիմնական բաղադրիչները` ռազմաքաղաքական դաշինքը, 102րդ ռազմակայանը կը մնան: Սահմանապահներուն վերաբերող որոշ շարժում կայ, բայց մեր սահմանապահները հոն են եւ կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը, ինչ որ բարձր կը գնահատուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ», ըսաւ Քոփիրքին։