Ըստ Անգարայի՝ «Զանգեզուրի Միջանցք»ին Շուրջ Հայկական Կողմին Հետ Զարգացում Կայ

Վերջերս «Զանգեզուրի միջանցք»ին շուրջ հայկական կողմին հետ զարգացում կայ, «GDH TV»ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Թուրքիոյ երթեւեկի եւ ենթակառուցուածքի նախարար Ապտուլքատիր Ուրալողլու՝ անդրադառնալով «Զանգեզուրի միջանցք» նիւթին: Այս մասին կը գրէ «Էրմենիհապեր»ը:

««Զանգեզուրի միջանցք»ը Պաքու-Թիֆլիս-Կարս գիծի այլընտրանքն է կամ երթուղի, որ պիտի աւելցնէ անոր կարողականութիւնը: Անիկա նախագիծ մըն է, զոր մենք կազմած ենք իբրեւ Կասպիցով անցնող Ատրպէյճանէն դէպի Հայաստան կամ Իրան, հոնկէ ալ Նախիջեւան եւ Դիլուջու, Իգդիր, Կարս (գացող գիծ): Ատրպէյճան կարեւոր հատուածները կառուցուած է, Նախիջեւանի կողմին մէջ գիծի վերականգնման աշխատանքները սկսած են, Թուրքիոյ կողմի 224 քիլոմեթրի սահմանը անցած ենք, յաջորդ տարի պիտի սկսինք», ըսաւ Ուրալողլու:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ Իրանո՞վ կամ Հայաստանո՞վ պիտի անցնի անիկա, Ուրալողլու ըսաւ, որ այդ բանակցութիւնները կը վարէ Պաքու. սկիզբը Իրանի պարագային բաւական յառաջընթաց արձանագրուած է, ապա ան պնդեց, թէ վերջին օրերուն հայկական կողմէն զարգացում կայ:

«Կը կարծեմ, որ յառաջիկայ գործընթացին այդ ալ կը յստականայ, եւ ամէնէն կարճ ճամբով Ատրպէյճանին, եւ հետեւաբար թրքական աշխարհին կը կապուինք», ընդգծեց Ուրալողլու:

Comments are closed.