Ընտրութիւններէն առաջ թոշակներու յաւելում. Տնտեսական աճ թէ՞ նախընտրական հաշուարկ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ ապրիլ 1-էն սկսեալ Հանրապետութեան մէջ կենսաթոշակները պիտի բարձրանան․ համեմատաբար ցած թոշակները՝ 10 հազար դրամով, իսկ աւելի բարձր թոշակները՝ համեմատաբար աւելի քիչ։ Յայտարարութիւնը կը հնչէ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ընդամէնը երեք ամիս առաջ։

Որոշումը ուշագրաւ է, որովհետեւ ընդամէնը երկու ամիս առաջ վարչապետը կը պնդէր, թէ 10 հազար դրամով յաւելումը նպատակայարմար չէ։ Ան այն ատեն կը բացատրէր, թէ կառավարութիւնը այդ գումարը կը յատկացնէ առողջապահական ապահովագրութեան համակարգին՝ նկատի ունենալով, որ թոշակառուներու ծախսերուն մեծ մասը առողջապահութեան համար կը ծախսուի։

Այսօր, սակայն, Փաշինեան կը հիմնաւորէ որոշումը 2025-ի կանխատեսուածէն աւելի բարձր տնտեսական աճով եւ կը յայտարարէ, թէ այս քայլով ան կը կատարէ կառավարութեան խոստումը՝ նվազագոյն թոշակը պարենային, իսկ միջին թոշակը սպառողական զամբիւղին համապատասխանեցնելու։

Ընդդիմադիր շրջանակները որոշումը կը գնահատեն որպէս ընտրական քայլ։ «Ուժեղ Հայաստան» ուժի ներկայացուցիչ Նարեկ Կարապետեան յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը «խուճապահար» բարձրացուց թոշակները քաղաքական ճնշման տակ՝ յիշեցնելով, որ ութ տարուան ընթացքին իշխանութիւնը նման քայլ չէր առած։

Դեռ յստակ չէ թէ շուրջ 600 հազար թոշակառուներու համար նախատեսուած բարձրացման գումարը ի՞նչ ծաւալի է եւ ինչպէ՞ս պիտի գոյանայ, երբ 2026-ի պիւտճէին մէջ այդ ծախսը նախատեսուած չէ։ Քաղաքական վերլուծաբաններու կարծիքով, թոշակներու բարձրացումը յստակ նախընտրական քայլ մըն է։