Ընկեր Զաւէն Թաշճեան՝ Մուսալեռան յեղափոխական ոգիին Եւ Այնճարի ազգային կեանքին անմար ջահակիրը
- (0)

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Խոր յուզումով, արդար հպարտութեամբ եւ անսահման գոհունակութեամբ ակընդիր եղայ Այնճարի Սարգիս Զէյթլեան կեդրոնին մէջ հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած ընկեր Զաւէն Թաշճեանի կիսանդրիի քողազերծման արարողութեան, որ արժանի յարգանքի տուրք մըն էր այն գաղափարապաշտ հայորդիին, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ազգին, ժողովուրդին եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան սրբազան առաքելութեան։
Այս եզակի եւ խորիմաստ նախաձեռնութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ ազգային յիշողութիւնը կենդանի ժողովուրդներու ամէնէն մեծ հարստութիւնն է, եւ թէ երախտաւոր զաւակներու յիշատակը անմահացնելու գիտակցութիւնը այն հիմնարար արժէքներէն է, որոնց վրայ կը խարսխուի ժողովուրդի մը բարոյական դիմագիծն ու պատմական շարունակականութիւնը։
Այս առիթով սրտագին շնորհաւորութիւններս եւ բարձր գնահատանքս կը յղեմ ՀՅԴ Այնճարի «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէին եւ անոր Դաստիարակչական Յանձնախումբին, որոնք ազգային պատասխանատուութեան եւ յեղափոխական հաւատամքի ոգիով առաջնորդուած՝ արժանի նախաձեռնութեամբ մը յաւերժացուցին այն նուիրեալ ընկերոջ յիշատակը, որ իր գործով ու զոհաբերութեամբ վաղուց արդէն իր անունը արձանագրած էր Մուսալեռան եւ Այնճարի երախտաշատ զաւակներու անմահ փաղանգին մէջ։
Քառասուն տարիներ առաջ ընկեր Զաւէն Թաշճեան ինկաւ թշնամական ու մութ ձեռքերու գործած ոճիրին զոհ։ Սակայն անոնք չկրցան լռեցնել այն ձայնը, որ կը բաբախէր յեղափոխական գաղափարներով, ոչ ալ մարել այն հաւատքը, որ ամբողջ էութեամբ կապուած էր հայ ժողովուրդի ազատութեան, ազգային արժանապատուութեան եւ Դաշնակցութեան դարաւոր առաքելութեան հետ։ Գաղափարները չեն սպաննուիր, իսկ նահատակները չեն մեռնիր. անոնք կը վերածուին ուղեցոյցի եւ ներշնչման աղբիւրի՝ սերունդներու համար։
Ընկեր Զաւէնը պատահական կուսակցական մը չէր։ Ան իսկական դաշնակցական տիպար մըն էր՝ սկզբունքային, գաղափարապաշտ, խիզախ եւ հաւատաւոր, որ յեղափոխական դաստիարակութեան իր ընկալումը մարմնաւորեց ոչ միայն խօսքով, այլեւ առօրեայ կեանքով ու ծառայութեամբ։ Իր համար ազգային աշխատանքը պարզ պարտաւորութիւն չէր, այլ՝ հաւատք, ուխտ եւ կեանքի իմաստ։
Մշակոյթի դաշտին մէջ եւս ան լուսաւոր ներկայութիւն էր։ Որպէս Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն մէկը՝ իր ստեղծագործ միտքն ու հարուստ տաղանդը ի սպաս դրաւ ազգային մշակոյթի վերելքին։ Որպէս դերասան, ասմունքող եւ միութենական գործիչ՝ իր տիրական ձայնով ու ներշնչող ներկայութեամբ սերունդներ կրթեց եւ ազգային արժէքներու հանդէպ սէր ու հաւատք սերմանեց։
Սակայն ընկեր Զաւէն Թաշճեանի մեծութիւնը միայն իր կազմակերպական կամ մշակութային ծառայութիւններուն մէջ չէր։ Ան նախ եւ առաջ ազնիւ ընկեր էր, լայնախոհ ու սրտաբաց անձնաւորութիւն, որ իր մարդկային ջերմութեամբ, խրախուսանքով եւ օրինակով շուրջը համախմբեց բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնցմէ շատեր հետագային դարձան ազգային եւ համայնքային կեանքի արժէքաւոր դէմքեր։ Անոնց շարքին էին Վերապատուելի Մովսէս Ճանպազեան, Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան, Պրն. Մուշեղ Գարագաշեան եւ ուրիշներ, որոնք իրենց ծառայութեամբ շարունակեցին այն արժէքները, որոնց հաւատաց եւ որոնց համար ապրեցաւ ընկեր Զաւէնը։
Իր ընտանեկան կեանքին մէջ եւս ան մարմնաւորեց հայ նահապետական ընտանիքի բարձրագոյն արժէքները։ Իր արժանաւոր կողակից՝ ընկերուհի Սօնա Զէյթլեանի հետ, կառուցեց սիրոյ, զոհաբերութեան եւ ազգային դաստիարակութեան ամուր օճախ մը, ուր հասակ առին չորս զաւակներ, որոնք իրենց կեանքին մէջ շարունակեցին հօր փոխանցած արժէքներն ու աւանդը։ Յատկանշական է, որ իր անդրանիկ որդին՝ Արմէն Թաշճեան, այսօր կը ստանձնէ Այնճարի Գալուստ Կիւլպէնկեան գոլէճի տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնը՝ շարունակելով ընտանեկան ծառայութեան ազնիւ շղթան։
Առանձնակի երախտագիտութիւն կը պարտինք նաեւ այն բոլոր անձերուն, որոնք իրենց տաղանդով, աշխատանքով եւ նուիրումով կեանք տուին այս յիշատակի ձեռնարկին։ Կիսանդրին եւ յարդագանդակը կերտող արուեստագէտէն սկսեալ, խօսք արտասանողներուն, երգիչներուն, ասմունքողներուն, կազմակերպիչներուն եւ բոլոր մասնակիցներուն, որոնք իրենց կարգապահ ու վեհաշուք մասնակցութեամբ արժանի փայլք հաղորդեցին այս յիշարժան հանդիսութեան։
Ընկեր Զաւէն Թաշճեանի կիսանդրիին քողազերծումը պարզապէս յուշարձանի մը բացումը չէ։ Ան հաւատարմութեան վերահաստատում մըն է, յեղափոխական ուխտի նորոգում մը եւ պատգամ մը՝ ուղղուած գալիք սերունդներուն, թէ ազգային պայքարն ու ծառայութիւնը կը շարունակուին այնքան ատեն, որքան կը շարունակուի ապրիլ նահատակներու յիշատակը եւ որքան նոր սերունդները կը մնան հաւատարիմ իրենց նախորդներուն կտակին։
Մուսալեռան հերոսածին հողը բազմաթիւ արժանաւոր զաւակներ տուած է հայ ժողովուրդին, եւ ընկեր Զաւէն Թաշճեան այդ փաղանգին լուսեղէն դէմքերէն մէկն է։ Ան վաղուց արդէն իր տեղը գրաւած էր Մուսալեռան եւ Այնճարի երախտաշատ զաւակներու անմահ շարքերուն մէջ, իսկ այսօր իր կիսանդրին եկաւ վերահաստատելու այն ճշմարտութիւնը, որ ժողովուրդը երբեք չի մոռնար իր նուիրեալներն ու նահատակները։
Յաւերժ փառք եւ խոնարհում՝ ընկեր Զաւէն Թաշճեանի անմահ յիշատակին։
Թորոնթօ