Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը Ճանչցած Է Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը

22-25 յունիս 2023-ին Փանամայի մէջ տեղի ունեցած է Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան բարձրագոյն ժողովը: Երկու տարին մէկ պարբերականութեամբ գումարուող ժողովին մասնակցած  են կազմակերպութիւններ շուրջ 70 երկիրներէ` 300 պատուիրակներով:

Բարձրագոյն ժողովին ղեկավար մարմինը կը ներկայացնէ հաշուետու զեկուցում, կը ճշդուին կազմակերպութեան ապագայ ընելիքները, կ՛ընտրուի նոր ղեկավար մարմին: ՀՅԴ Երիտասարդականին կողմէ ժողովին կը մասնակցէին ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամ Յասմիկ Բուրուշեանը եւ ՀՅԴ-ի կողմէ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան փոխնախագահ Սարինէ Աբրահամեանը:

Ժողովին կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի բանաձեւերու ներկայացումն ու որդեգրումը: ՀՅԴ Երիտասարդականի ջանքերով Փանամայի մէջ ընդունուած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտման քաղաքականութիւնը դատապարտող բանաձեւ: Կազմակերպութիւնը կոչ ուղղած է առանց որեւէ նախապայմանի անյապաղ բանալ Լաչինի միջանցքը եւ վերջ դնել Արցախի շրջափակման:

Աւելցնենք, որ Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երիտասարդական թեւի լիիրաւ անդամակցութեան դիմումը մերժուած է` մասնաւորապէս կազմակերպութեան Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման, քրտական փոքրամասնութեան իրաւունքներու եւ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերեալ դիրքորոշումներուն պատճառով:

Ժողովի աւարտին կայացած է նոր նախագահութեան ընտրութիւն, որուն հիմամբ ՀՅԴ Երիտասարդականի թեկնածու Սարինէ Աբրահամեան վերընտրուած է Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան փոխնախագահ:

Սարինէ Աբրահամեան մեկնաբանելով ընդհանուր ժողովը ըսած է. «Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան նախագահութեան մէջ վերընտրութիւնը պատիւ է եւ պարտաւորեցնող: Միութիւնը ազդեցիկ հարթակ է մեր ազգային շահերը բարձրացնելու եւ քաղաքական այլ ուժերու հետ կապեր ստեղծելու: Միութեան ընդհանուր ժողովին մէջ ՀՅԴ Երիտասարդականի արձանագրած յաջողութիւնները ուղերձ են առ այն, որ ՀՅԴ Երիտասարդականը բոլոր բնագաւառներուն մէջ կը շարունակէ ազգային խնդիրներու շուրջ պայքարը»:

Յիշեցնենք, որ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար միջազգայնականի ուղեկից երիտասարդական կազմակերպութիւնն է, որուն կ՛անդամակցին աւելի քան 163 կազմակերպութիւններ` աշխարհի շուրջ 110 երկիրներէ: ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան լիիրաւ անդամ է:

 

Comments are closed.