Ընդդիմադիր ուժերը Երեւանի մէջ սկսան «ալիեւեան սահմանադրութեան» դէմ հանրային իրազեկման գործողութիւնները

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը նոյեմբեր 8-ին Երեւանի տարբեր շրջաններուն մէջ ձեռնարկեցին հանրային իրազեկման համատեղ գործողութիւններու՝ ընդդէմ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան ուղղութեամբ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ներկայացուցած պահանջներուն։

Նախաձեռնութեան մասնակցեցան «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութիւններու, Հայ Ազգային Քոնկրեսի եւ համախմբումին միացած այլ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ։

Ընդդիմադիր գործիչները Երեւանի փողոցներուն եւ մեթրոյի կայարաններուն մէջ հանդիպումներ ունեցան քաղաքացիներուն հետ՝ ներկայացնելով սահմանադրական փոփոխութիւններուն առնչուող վտանգները։ Անոնք նաեւ բաժնեցին Հայաստանի 1991 թուականի անկախութեան հանրաքուէի քուէաթերթիկը յիշեցնող նիւթեր՝ ընդգծելով, որ երկրի Սահմանադրութիւնը փոխելու իրաւունքը կը պատկանի բացառապէս Հայաստանի ժողովուրդին։

«Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան յայտարարեց, որ ընդդիմութիւնը վճռական է խորհրդարանին մէջ եւ հանրային պայքարի միջոցներով ձախողեցնելու արտաքին պարտադրանքով Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։

Նախաձեռնութիւնը կը յաջորդէ նոյեմբեր 4-ին ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու հրապարակած համատեղ յայտարարութեան, որուն հիմնական նպատակներուն շարքին են «ալիեւեան սահմանադրութեան» մերժումը, միակողմանի զիջումներու կանխարգիլումը, ազգային ինքնութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական իրաւունքներու վերականգնումը։

Նիկոլ Փաշինեան կը պնդէ, թէ սահմանադրական բարեփոխումները Հայաստանի ներքին հարցն են։ Սակայն նոյեմբեր 7-ին ան ընդունեց, որ Պաքու պատրաստ չէ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու Հայաստանի ներկայ սահմանադրական կարգաւորումներուն պայմաններուն մէջ։

Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ չունի նոր Սահմանադրութիւնը հանրաքուէի ներկայացնելու համար անհրաժեշտ երկու երրորդի մեծամասնութիւնը։

Ընդդիմադիր համախմբումը կը շարունակէ իր պայքարը՝ շեշտելով, որ Հայաստանի անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան վերաբերող որոշումները չեն կրնար ընդունուիլ Ատրպէյճանի պահանջներուն ենթարկուելով։