Ըմբշամարտ. Աշխարհի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Վազգէն Թեւանեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին Եւ Հռչակուեցաւ Աշխարհի Ախոյեան.Արսէն Յարութիւնեան` Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեան

Horizon Weekly Newspaper

Սպանիոյ Փոնթեւետրա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Վազգէն Թեւանեան ոսկի մետալ մը ապահովեց Հայաստանին:

65 քկ դասակարգի մրցումներուն, 2020-ին աշխարհի բաժակակիր հանդիսացած Թեւանեան, որ աւարտականին մրցեցաւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Համզա Ալաճայի դէմ, արձանագրելով 8-4 արդիւնքով յաղթանակ մը հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան:

Horizon Weekly Newspaper61 քկ դասակարգի մրցումներուն, Արսէն Յարութիւնեան երկրորդ անգամ հռչակուեցաւ աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեան:

Աւարտականի մրցումին, ան բաւական լարուած պայքարէ մը ետք, 7-5 արդիւնքով յաղթեց իր խըրխըզ մրցակիցին` Թայրպեկ Ժումաշպեկ Ուուլուին:

Նշենք, որ Յարութիւնեան առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր 2021-ին (Պելկրատի մէջ)` 11-7 արդիւնքով յաղթելով իր ռուս մրցակիցին` Արթուր Չեպորտայեւին:

Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Արման Աւագեան, Հայաստանի համար ապահովեց պրոնզ մետալ մը` 79 քկ դասակարգին մէջ:

Աւագեան, որ իրեն մրցակից ունեցաւ Կէորկիս Քուկիումցիտիսը (Յունաստան), գերլարուած պայքարէ մը ետք արձանագրեց 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.