Զօրավար Լեւոն Մնացականեանն ու Դաւիթ Բաբայեանը Չեն Ընդունած Պաքուի Մէջ Առաջադրուած Մեղադրանքները
- (0)

Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան եւ Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան Պաքուի դատարանին մէջ հերքած են առաջադրուած մեղադրանքները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Անոնք հանդէս եկած են եզրափակիչ խօսքով: Բաբայեան նախորդ նիստին սկսած էր խօսքը:
Լեւոն Մնացականեան, անդրադառնալով մեղադրանքներուն, ըսած է` Արցախի մէջ կռուած են ոչ թէ վարձկաններ, այլ կամաւորներ: Ան նշած է նաեւ, որ թէ՛ 2020 թուականին, թէ՛ ալ 2023 թուականին չէ մասնակցած որեւէ զինուորական գործողութեան:
Մնացականեան հերքած է նաեւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին վերաբերեալ ազրպէյճանական մեղադրողի պնդումը` շեշտելով, որ հայկական կողմը ազրպէյճանական դիրքերու վրայ չէ յարձակած: